Պատրիարք Հայրը բոլորեց ապաքինման շրջանը եւ վերադարձաւ Պատրիարքարան

Ինչպէս ծանօթ է, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, անցեալ շաբաթ Չորեքշաբթի օր, Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի մէջ ենթարկուած էր յաջող վիրահատութեան մը։ Յետ վիրայատական դարմանման գործընթացը աւարտած ըլլալով՝ Պատրիարք Սրբազան Հայրը, 26 Օգոստոս 2021, Հինգշաբթի, կէսօրէ առաջ, բաժնուեցաւ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցէն։ 

Նորին Ամենապատուութիւնը, նախ քան հիւանդանոցէ բաժնուիլը հիւանդանոցի վարչական կեդրոնին մէջ տեսակցեցաւ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորած Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան անդամներուն ու Բժշկապետ Տքթ. Մաքսուտ Ահպապի հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անցեալ օրերուն իրենց կողմէ ցուցաբերուած հետաքրքրութեան համար։ Այս առթիւ, Պատրիարք Հայրը օրհնեց հիւանդանոցի անձնակազմը եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ներկաներուն։ Առ այդ, ներկաներ եւս ուրախութիւն յայտնեցին, քանի Մեր Հոգեւոր Պետը իր ապաքինման շրջանը լաւապէս բոլորած ըլլալով կը բաժնուէր հիւանդանոցէն։ Անոնք, Պատրիարք Հօր մաղթեցին արեւշատութիւն եւ կարողութիւն։

Մեր Հոգեւոր Պետը, Ս. Փրկիչ Հիւանդանոցէն բաժնուելէ յետոյ, միջօրէին հասաւ Պատրիարքարան, ուր դիմաւորուեցաւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ Դիւանապետի Օգնական Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի կողմէ։ Հոգեւոր հայրերը, յանուն պաշտօնէութեան եւ անձնակազմին Նորին Ամենապատուութեան բարի գալուստ մաղթեցին եւ իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին։ Պատրիարք Հայրը, փառք տուաւ Աստուծոյ, որ առողջութիւնը վերագտած էր Տիրոջ կամքով։

Բաց աստի, Նորին Ամենապատուութիւնը հրապարակաւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք հիւանդութեան շրջանին իրենց հետաքրքրութեամբ ու բարեմաղթութեամբ զօրակցած էին իրեն։

«Լրաբեր» Տեղեկատուն եւս անցեալ ըլլայ կ՚ըսէ Մեր Հոգեւոր Պետին եւ կը մաղթէ, որ Աստուծոյ Ս. Խաչի զօրութիւնը հովանի եւ պահապան ըլլայ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր։

https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2021
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ