Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճան այցելեց Գատըգիւղի եկեղեցին

Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան փոխ-նախարար Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճան երէկ այցելեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցին։

Ինչպէս ծանօթ է, Տեմիրճան աւելի առաջ երկար տարիներ Պէյօղլուի քաղաքապետի պաշտօնը վարած էր։ Ան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցին այցելել փափաքած էր՝  նկատի ունենալով, որ մօտաւոր անցեալին ուշ գիշերին տհաճ դէպքեր պատահած էին Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մուտքին։

Հանրային կարծիքին մօտ լայն արձագանգ գտած եւ հակազդեցութեան պատճառ դարձած այդ դէպքերէն վերջ Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճան երէկ տեսակցեցաւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներուն հետ։ Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ զրոյցը, որու ընթացքին փոխ-նախարարը շեշտը դրաւ երկրէ ներս համակեցութեան կարեւորութեան վրայ։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F18-08-2021-ահմէտ-միսպահ-տեմիրճան-այցելեց-գատըգիւղի-եկեղեցին 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2021
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ