Պատրիարք Հայրը պաշտօնական մարմիններն եւ երբեմնի Ս․ Պօղոս Պետրոս Աթոռանիստ Եկեղեցին այցելեց․ այց՝ Հաթայի քաղաքապետին

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, 16 Օգոստոս 2021, Երկուշաբթի, ժամը 10.00ին, քաղաքավարականայցելութիւն մը տուաւ նաեւ Հաթայի Մայր Քաղաքապետ Լիւթֆիւ Սավաշին։ Մեր Հոգեւոր Պետինկ՚ընկերանային Անտիոքի եւ շրջակայից Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին ԵկեղեցւոյԾխական Խորհուրդի Ատենապետ Ճէմ Չափար եւ Վաքըֆգիւղի Գիւղապետ Պերճ Գարթուն։

Այստեղ, Պատրիարք Հայրը, նախ Հաթայի շրջանին մէջ տեղի ունեցած հրդեհներու պատճառաւ իրցաւը յայտնեց եւ մաղթեց որ աղիտահար շրջանը վերստին բարելաւուի։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին, Պատրիարք Հայրը շաբաթավերջին Վաքըֆգիւղի մէջ տեղի ունեցած արարողութիւններունանդրադարձաւ եւ ուրախութիւն յայտնեց, թէ՝ անգամ մը եւս Հաթայ կը գտնուէր։

Իր կարգին, Քաղաքապետ Սավաշը, բարի գալուստ մաղթեց Պատրիարք Հօր եւ իրպատուիրակութեան ու շնորհակալութիւն մաղթեց բարեմաղթութեանց համար։ Ուրախութիւնյայտնեց լսելով տօնախմբութեանց մասին ու մաղթեց որ յաջորդ տարի համավարակիազդեցութիւնը նուազի ու աւելի ոգեւոր մթնոլորտ մը ստեղծուի շրջանէն ներս։

Հանդիպման աւարտին,  Պատրիարք Հայրը, քաղաքապետին նուիրեց Կարօ Քիւրքմանիհեղինակութիւններէն «Osmanlı Saray Kuyumcuları» գիրքէն օրինակ մը ։ Իսկ Լիւթֆիւ Սավաշ, ՄերՀոգեւոր Պետին նուիրեց օրհնութիւնը խորհրդանշող  փոքր արձան մը ։

ԱՅՑ՝ ՀԱԹԱՅԻ ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏԻՆ

Նորին Ամենապատուութիւնը նոյն օր,  ժամը 11.00-ին քաղաքավարական այցելութիւն մը նուաւՀաթայի նահանգապետ Ռահմի Տողանին։

Պատրիարք Հայրը, այստեղ եւս Հաթայի շրջանին մէջ տեղի ունեցած հրդեհներու պատճառաւ իրցաւը յայտնեց եւ բարեմաղթութիւնները փոխանցելով ըսաւ, թէ՝ աղօթող է երկրի խաղաղութեանհամար։ Մեր Հոգեւոր Պետը ի միջի այլոց ըսաւ, որ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւեկած է նախագահել եկեղեցական արարողութեան։ Այս մէկը գեղեցիկ առիթ եղած է, որ ան որպէսՊատրիարք երկրորդ անգամ այցելէ Հաթայը եւ այս առիթով փափաքած էր քաղաքավարականայցելութիւն տալ տեղւոյն պետական բարձրագոյն անձնաւորութեան՝ Նահանգապետին։

Նահանգապետ Տողան ուրախութիւնը յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան այցելութեան համար եւըսաւ թէ զանազան կրօնքներու, դաւանանքներու եւ ազգութեանց տարբերութիւնը Հաթայի մէջվերածուած է հարստութեան մը եւ ուրախութիւնը յայտնեց, թէ՝ Հայոց Պատրիարքը կը գտնուէրՀաթայ։ Ռահմի Տողան, այս առիթով շեշտեց, թէ՝ իրենք միշտ փափաքողներն են, որ այսհարստութիւնը կայուն մնայ։ Իսկ միւս կողմէն, յայտնեց, թէ՝ հակառակ համավարակի աննպաստպայմաններուն, ուրախութիւն էր այս տարի վերստին հանդիպում ունենալ Հաթայի մէջ։

Maşalyan

Հանդիպման աւարտին,  Պատրիարք Հայրը, նահանգապետին նուիրեց Կարօ Քիւրքմանիհեղինակութիւններէն «Osmanlı Saray Kuyumcuları» գիրքէն օրինակ մը ։ Իսկ Նահանգապետ Տողան, Մեր Հոգեւոր Պետին նուիրեց Հաթայի դափնիով պատրաստուած շրջանակ մը ։

ԵՐԲԵՄՆԻ Ս. ՊՕՂՈՍ ՊԵՏՐՈՍ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ 

Պաշտօնական այցելութիւններէ յետոյ, ժամը 12.00-ին, Պատրիարք Հայրը ուղղուեցաւ դէպի Ս. ՊօղոսՊետրոս Ուղղափառ Եկեղեցին, որ անցեալին եղած է Անտիոքի Պատրիարքութեան ԱթոռանիստՏաճարը։

Մեր Հոգեւոր Պետը, եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ Հայր Ճան Տէլլիւէրի, Հայր Տիմիթրի Տօղումի եւեկեղեցւոյ Ատենապետ՝ Ֆատի Հուրիկիլի եւ եկեղեցւոյ համայնքի խումբ մը անդամներուն կողմէ։Պատրիարք Հայրը, եկեղեցի առաջորդուելէ յետոյ, կատարեց իր ուխտի աղօթքը։ Ապա, եկեղեցւոյերէց՝ Հայր Տիմիթրին, յանուն իր համայնքին բարի գալուստ մաղթեց Նորին Ամենապատուութեան եւեկեղեցւոյ պատմականը ներկայացուց։ Այս առիթով, յայտնեց, թէ՝ Ս. Պօղոս Պետրոս Եկեղեցինպատմական օրերէն մին կ՚ապրեր, հիւրընկալելով Հայոց Պատրիարքը։

Ապա, Պատրիարք Հայրը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն եւ յայտնեց, թէ՝ ոգեւորիչընդունելութիւնը ուրախացուցած էր իրեն։ Ինք քաջատեղեակ էր, եկեղեցւոյ երէցներուն եւ Աւետիս Քահանայի ունեցած համագործակցութեան մասին, բան մը որ Քրիստոնէական հաւատքիհամաձայն օրինակելի տեսարան կը պարզէր։ Պատրիարք Հայրը, Ս. Գրային քաղաքներէն մին՝Անտիոքի կարեւորութիւնը շեշտեց ու յիշեցուց, թէ՝ համայն աշխարհի համար խորհրդանշականքաղաքներէն միոյն մէջ կը գտնուէր։ Այս քաղաքի մէջ, լաւ ծառայելու գլխաւոր պայմանն էր հաւատքեւ ծառայասիրութիւն ունենալը։ Իսկ ուրախացուցիչ տեսարան էր, քանի այս բոլորը աւելիովըգոյացած էր Հայ Եկեղեցւոյ եւ Ս. Պօղոս Պետրոս Եկեղեցւոյ երէցներու միջեւ։ Պատրիարք Հայրը, այսառիթով մաղթեց որ Քրիստոնէական հոգին շարունակական ըլլայ այս շրջանակներէ ներս եւ այսառիթով Անտիոքի Ն.Ս.Տ. Յովհաննէս Ժ. Պատրիարքին իր եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց։

Այցելութեան առիթով, Պատրիարք Հօր նուիրուեցաւ նաեւ յուշանուէր մը։ Եկեղեցւոյ մէջ կատարուածարարողութեան աւարտին, Պատրիարք Հայրը հիւրասիրուեցաւ սիրոյ սեղանով, որունմասնակցեցան նաեւ տեղւոյ համայնքի անդամները։ Անոնք, Պատրիարք Հօր հետ զրուցելու եւ իրօրհնութիւնը ստանալու առիթը ունեցան։ Իրենք եւս այս այցելութեան առիթով մեծապէսոգեւորուեցան եւ Պատրիարք Հայրը շարականներու երգակցութեամբ ուղեւորեցին։

https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2021
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ