Արցախ` հայկական ինքնութեան պաշտպանութեան միջնաբերդ. Գետաշէնցիներու հերոսական դիմադրութիւնը․ Գիւլիստանի Մելիք Յովսէփի եւ Ջրաբերդի Մելիք Հաթամի վերադարձը իրենց հայրենի տիրոյթներ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ջրաբերդ

Արցախի ազատագրութեան նպատակով լեզգի կռուող ուժերը առաջնորդած Յովսէփ Էմին Ծարի հայութեան պատուհաս դարձած Քոլանի թափառաշրջիկ ցեղը հարուածելէն ետք պիտի շարունակէր յառաջխաղացքը: Նոյն ժամանակ Գիւլիստանի մելիք Յովսէփ ընդառաջացած էր Քոլանիներու օգնութեան կանչին, յոյս ունենալով անոնց աջակցութեամբ ջախջախել Գանձակի Շահվերտի խանը եւ վերադառնալ իր հայրենի երկիրը:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ Շահվերտի խան իր որդւոյն` Մոհամէտ Հասան  խանի հրամանատարութեամբ տասնութ հազարանոց զօրք կեդրոնացուց Կուր գետի ափերուն:

Յովսէփ Էմին իր լեզգի կռուողները հաւաքելով հասաւ Կուրի ափերը, ուրկէ զօրքը առաջնորդեց դէպի Ջառ` հարաւային Տաղստան, եւ Գաթուխ գիւղը հասնելով իր բարեկամ Հաճի Մուսթաֆայի հիւրը եղաւ:

* * *

Մելիք Յովսէփի լեզգիներուն դէմ տարած յաղթանակը ծանրացուց Գանձակի դրութիւնը: Լեզգիները հասկցան, որ իրենք Շահվերտի խանի խաբէութեան զոհն են, որովհետեւ նախապէս անկէ վարձատրութիւն չէին ստացած եւ հայկական անպաշտպան գիւղերը թալանելու թելադրանք ստացած էին:

Լեզգիներ լուր ուղարկեցին Շահվերտի խանի, որ կրկին պիտի հաւաքուին եւ Գանձակ պիտի գան, հաշիւ տեսնելու համար:

Շահվերտի խան շտապեց բաւարարութիւն տալ լեզգիներուն եւ սկսաւ բռնութեամբ դրամ հաւաքել իր հպատակներէն:

Ժողովուրդին համբերութեան բաժակը այլեւս յորդած էր եւ գանձակեցիք 1766-ի ամրան ապստամբութիւն բարձրացուցին: Երեկոյ մը անոնք յարձակեցան խանի ապարանքին վրայ, որպէսզի ոչնչացնեն խանը եւ անոր ամբողջ ընտանիքը:

Շահվերտի խան յաջողեցաւ փախուստ տալ եւ գնաց Շամքոր, ուր զայն ընդունեց եւ պահպանեց Ջրաբերդի մելիք Հաթամ:

Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խան, գանձակեցիները Շահվերտի խանի բռնութիւններէն ազատելու անուան տակ, իր զօրքերով մտաւ Գանձակ, գրաւեց խանական ապարանքը եւ Գանձակի խանութիւնը Ղարաբաղի խանութեան միացուց:

* * *

Շահվերտի խան Շամքորի մէջ վերակազմեց իր ուժերը եւ մելիք Հաթամի հետ միասին պատերազմական գործողութիւններու սկսաւ Գանձակի դէմ:

Գանձակ քաղաքին մօտ տեղի ունեցած ճակատամարտին Շահվերտի խանի եւ մելիք Հաթամի զօրքերը ծանր պարտութիւն կրեցին Իպրահիմ Խալիլ խանի զօրքերէն եւ փախուստի դիմեցին:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ Շահվերտի խան դիմեց վրաց Հերակլ Բ. թագաւորին, Շամախիի Մոհամէտ Սայիտ եւ Աղասի խաներուն եւ լեզգիներուն` օգնութեան խնդրանքով:

Մոհամէտ Սայիտ խան եւ Աղասի խան եղբայրները եւ Հերակլ Բ. ընդառաջեցին:

Վրացական բանակը Մելիք Յովսէփի հրամանատարութեան տակ մտաւ Գանձակ: Իպրահիմ Խալիլ խան առանց դիմադրութեան հեռացաւ Գանձակէն, իր հետ տանելով ձեռք ձգած ամբողջ աւարը:

Շահվերտի խան յաղթականօրէն վերադարձաւ Գանձակ եւ վերահաստատեց իր իշխանութիւնը:

Լեզգիները կրկին անգամ դիմեցին Շահվերտի խանի, եւ իբրեւ հատուցում պահանջեցին, որ իրենց թոյլատրուի կողոպտել Գանձակի հայաբնակ Քիլիսաքէնդ արուարձանը:

Սակայն վրացական զօրքը, իր հրամանատար մելիք Յովսէփի կարգադրութեամբ, թոյլ չտուաւ որ Շահվերտի խան այդպիսի խոստում տայ:

Այս անգամ ալ Շահվերտի խան կրցաւ որոշ գումար մը հաւաքել եւ տալ լեզգիներուն, եւ այդ ձեւով ալ վերջացուց անոնց պահանջը:

* * *

Գետաշէն

Հերակլ Բ. թագաւոր, վերահաստատելով Շահվերտի խանը իշխանութեան մէջ, պայման դրաւ, որ մելիք Յովսէփ վերադառնայ Գետաշէն եւ ինքնուրոյն կերպով կառավարէ իր երկիրը, առանց որեւէ ձեւով կախում ունենալու Գանձակի խանէն:

Մելիք Յովսէփի Գետաշէն վերադառնալէն ետք, 1766-ի Ջառէն անոր մօտ ուղեւորուեցաւ Յովսէփ Էմին:

Յովսէփ Էմին մանրամասնօրէն հետախուզեց Գետաշէնի դիրքը եւ շրջակայ լեռներն ու կիրճերը: Գիւղի բարձունքին հնամենի հողաշէն ամրութիւն մը կար, ուր մեծաթիւ ժողովուրդ կրնար պատսպարուիլ, եւ ուրկէ կարելի էր դիմադրութիւն կազմակերպել: Ամրոցին ետեւը գերեզմանոցն էր: Գիւղին կեդրոնը Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին էր, ծայրամասին` Աւագ եւ Նշան մատուռը: Գեղատեսիլ ձորի երկու կողմերը տարածուած էին այգիները: Գիւղին հարաւային կողմը տարածուող խիտ անտառը իբրեւ թաքստոց կրնար ծառայել ժողովուրդին, թշնամիի անակնկալ յարձակումներու պարագային:

* * *

Մելիք Յովսէփի մնայուն զօրքը հինգ հարիւր հոգիէ բաղկացած էր:

Սուրբ Յակոբայ տօնին առիթով, 1766 դեկտեմբերին, մելիք Յովսէփ իր զինուորներուն արտօնութիւն տուաւ որ ամէն մէկը իր գիւղը երթայ եւ սուրբի օրուան տօնակատարութիւնը վայելէ: Գետաշէնի մէջ մնաց ընդամէնը քառասուն զինուոր:

Շահվերտի խան օգուտ քաղեց այդ հանգամանքէն: Ան լուր տարածեց որ լեզգիները յարձակում գործած են եւ իր զօրքը կ՛ուղարկէ դէպի Կուր գետ, իբրեւ թէ լեզգիներուն դիմադրելու համար: Զօրքի հրամանատարը իր որդի Մոհամէտ Հասան խանն էր:

Մոհամէտ Հասան խանի 4500 հոգինոց զօրքը գիշերը փոխեց իր ճանապարհը եւ ուղղակի Գետաշէնի վրայ քալելով արեւածագէն առաջ պաշարեց գիւղը:

Մոհամէտ Հասան խան հրամայեց համազարկի բռնել գիւղը: Հազարաւոր հրացաններէ կրակ տեղաց: Յարձակողները «Ալլահ, Ալլահ» պոռալով կը յառաջանային:

Գետաշէնցիները անակնկալի եկան: Ամէն կողմ վայնասուն բարձրացաւ: Շատեր քնաթաթախ դուրս թռան տուներէն: Մելիք Յովսէփ ապառաժի մը ետին կծկուած` կը պատրաստուէր դիմադրութեան անցնելու: Նոյն պահուն անոր մօտեցաւ Էմին եւ ըսաւ.

– Զօրապետ, կը տեսնեմ որ անխոհեմ քայլ մը առնելու վրայ ես: Ձիդ թո՛ղ որ երթայ: Հիմա հեծնելու ատենը չէ, որովհետեւ տեղը այնքան զառիվեր է որ անկարելի է դէպի վեր արշաւելու կամ սուր ի ձեռին թշնամիին վրայ յարձակելու:

Առաջին պահու շփոթէն ետք կռուող ուժերը մելիք Յովսէփի զաւկին` Բեգլարի շուրջ խմբուեցան եւ ժայռերու ետին դիրքեր բռնելով դիմադրութիւն կազմակերպեցին:

Այդ պահուն Էմին կռուողներուն ըսաւ.

– Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ իր փառքով երեւցաւ ինծի եւ ըսաւ որ յաղթանակը հայերուն կողմն է: Ես Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչն եմ եւ պիտի կռուիմ անոնց համար:

Հայ քաջերը բլուրն ի վեր մագլցեցան եւ կատաղի առիւծներու պէս յարձակեցան դէպի թշնամին:

Մելիք Յովսէփ, որդին` Բեգլար եւ իրենց հետ հինգ կռուողներ մտան թշնամի դիրքերը եւ ցիր ու ցան ըրին զանոնք:

Թշնամին ամենաբուռն կրակի մէջ մնալով շփոթի մատնուեցաւ եւ սկսաւ փախուստի դիմել:

Թշնամի քառասուն գլուխներ կտրուեցան, յիսուն ձիեր սպաննուեցան եւ շուրջ 500 մարդիկ վիրաւորուեցան: Հայերը տուին չորս զոհ:

* * *

Շահվերտի խան վերակազմեց իր ուժերը, եւ տասը հազար զինուոր ու թնդանօթներ համախմբելով իր որդի Մոհամէտ Հասանի հրամանատարութեան տակ կրկին ուղարկեց Գետաշէն:

Մինչ այդ արդէն մելիք Յովսէփի 500 հոգինոց փոքրաթիւ եւ անվեհեր բանակը հաւաքուած էր Գետաշէն:

Մելիք Յովսէփ իր զինուորները բարձրութիւններու վրայ տեղաւորեց եւ սպասեց թշնամիի յարձակման:

Թշնամին քանի մը պատահական հարուածներ տուաւ, միաժամանակ ահագին աղմուկ հանելով, որպէսզի այդպիսով սարսափի մատնէ հայերը, բայց անօգուտ:

Բուռն կռիւներէ ետք թշնամի զօրքի մնացորդները սկսան  փախուստի դիմել:

Մոհամէտ Հասան խան, ամօթ համարելով հայոց փոքրաթիւ զօրքի առջեւ նահանջնելը, սուրը հանեց եւ փախչողներուն վրայ ինկաւ, ստիպելով անոնց ետ դառնալ պատերազմի դաշտ, իսկ չլսողները սկսաւ կոտորել: Բայց անոր բոլոր ջանքերը զուր անցան:

Մելիք Յովսէփ եւ իր որդի Բեգլար կոտորելով հալածեցին թշնամի զօրքերը մինչեւ Գանձակի դուռերը: Անոնք պաշարեցին Գանձակը եւ արտաքին աշխարհին հետ անոր բոլոր յարաբերութիւնները կտրեցին:

Նեղ կացութեան մատնուած Շահվերտի խան դիմեց Հերակլ Բ.ի:

Հերակլ Բ. մելիք Յովսէփի հրամայեց դադրեցնել պատերազմական գործողութիւնները:

* * *

Գիւլիստան

Հերակլ Բ. թագաւոր յարմար դատեց որ մելիք Յովսէփ կատարէ իր վաղեմի ցանկութիւնը եւ վերադառնայ Գիւլիստան: Ցանկութիւն մը, որուն դէմ Շահվերտի խանի յարուցած արգելքները այդքան թշնամութիւններու պատճառ դարձած էին:

Արդէն Գետաշէն մնալը այլեւս վտանգաւոր էր, որովհետեւ Շահվերտի խան սպառնական պատգամ ուղարկած էր եւ հանգիստ պիտի չտար:

Մելիք Յովսէփի հրամանին վրայ Մելիք Բեգլարեան տոհմի անդամները եւ անոնց հետ` Յովսէփ Էմին Գետաշէնէն ճամբայ ելլելով, մէկուկէս օրէն, ձիւներու վրայէն քալելով հասան Գիւլիստան: Ցուրտին սաստկութեան պատճառով ճամբան մահացաւ պառաւ կին մը:

Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խան, իբրեւ նուրբ քաղաքագէտ, ուզեց սիրաշահիլ մելիք Յովսէփը: Ան ինը ամսուան պաշար ուղարկեց Գիւլիստան եւ երդումով հաստատուած դաշինք կնքեց, որուն հիմամբ մելիք Յովսէփ ինքնիշխան կերպով պիտի կառավարէր իր հայրենի երկրամասը:

* * *

Մելիք Յովսէփի վերադարձը օրինակ ծառայեց Ջրաբերդի մելիք Հաթամի համար: Մելիք Հաթամ, որ լաւ յարաբերութիւններ կը պահէր Շահվերտի խանի հետ, պահանջեց, որ իրեն արտօնութիւն տրուի վերադառնալու իր հայրենի երկիրը: Շահվերտի խան ստիպուած տեղի տուաւ: Մելիք Հաթամ այնուհետեւ բանակցութեան մէջ մտաւ Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խանի հետ եւ մելիք Յովսէփի պայմաններով համաձայնութիւն գոյացուց:

Այնուհետեւ մելիք Հաթամ հաւաքեց իր ժողովուրդը, Մելիք իսրայէլեան տոհմը եւ   ճամբայ ելաւ դէպի Ջրաբերդ: Սահմանագլուխին մօտ կանգ առնելով ան կրկին բանակցութեան մէջ մտաւ Շուշիի Իպրահիմ Խալիլ խանի հետ, առաջարկելով անոր  նորէն կրկնել հաշտութեան պայմանները եւ երդումով հաստատել զանոնք: Իպրահիմ Խալիլ խան կատարեց այդ առաջարկը եւ այնուհետեւ Ջրաբերդի ժողովուրդը մտաւ իր հայրենի երկիրը:

Մելիք Հաթամի հետ Ջրաբերդ վերադարձողներուն մէջ էր Իսրայէլ հակաթոռ կաթողիկոս, որ Երից Մանկանց վանքին մէջ կեդրոնացաւ:

Ներքին խռովութիւններու առաջքը առնելու համար Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոս թուղթեր գրեց մելիքներուն եւ Արցախի ժողովուրդին, յորդորելով իբրեւ հոգեւոր պետ ընդունիլ միայն Գանձասարի Յովհաննէս կաթողիկոսը:

https://www.aztagdaily.com/archives/519308 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2021
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ