Գործողութեան միտքը յղացողը, 23 տարեկան յեղափոխական գործիչ, Պոլսոյ Կ. Կոմիտէի անդամ Բաբգէն Սիւնին էր:
«Վերջին օրը՝ ժամադրավայրին մէջ,ոգեւորիչ խօսքերով յորդորեց իր ընկերները (26 հայորդիներ)՝ չընկրկիլ որեւէ զոհողութեան առջեւ, Հայկական հարցը կը թաղուի, պէտք է կռուինք եւ յարութիւն տանք անոր կ’ըսէր: Յետոյ իր ձեռքով բաժնեց զէնք, փամփուշտ եւ ռումբ: Բայց աւա՜ղ, իր սիրած ու կատարած սուրբ գործին վերջնական յաղթութիւնը չի տեսած ինկաւ պանքին սանդուխներուն վրայ, մարտիրոսը ըլլալով իր հոյակապ գաղափարին:» Դրօշակ N27 1896
Գործողութիւնը կը ղեկավարէ Ժընէւի մէջ ուսումը կիսատ թողած եւ Պոլիս գործուղղուած 24 ամեայ Արմէն Գարօն (կարնեցի), որուն վարած բանակցութիւնները եւրոպացի ներկայացուցիչներուն հետ արդիւնաւորուեցան դէպի արտասահման ելքով: Տղաքը՝ թիւով 17, 14 ժամ գրաւուած կը պահեն պանքը, իսկ ֆրանսական նաւ բարձրանալէն ետք, կը մերժեն յանձնել իրենց զէնքերը, քանի որ ՀՅԴ-ին կը պատկանէին, եւ իւրաքանչիւր ատրճանակ 5 ոսկիի հաշուով կը վաճառեն ֆրանսացի նաւավարներուն:
Արմէն Գարօ հետագային պիտի գրէր իր վկայութիւնը Պանք Օթոմանի դէպքերուն մասին եւ ոչ միայն,«Ապրուած Օրեր» վերնագրուած յուշագրութեամբ մը իր զաւկին՝ Հրանդին:
Նկարին մէջ պատկերուած են, ձախէն՝ Բաբգէն Սիւնի (Պետրոս Փարեան), աջէն՝ Արմէն Գարօ (Գարեգին Փաստրմաճեան)
Leave a Reply