Յ. Պալեան
Երէկ, այսօր եւ վաղը միշտ այժմէական է, եւ այդպէս պիտի ըլլայ, հայ լեզուի իւրացումը եւ անոր հարազատութեան պահպանումը, եթէ չենք հրաժարած ինքնուրոյն ազգ մնալու, տոկալու եւ տեւելու առաջադրանքէ:
Մի՛շտ յիշել Խաչատուր Աբովեանի ո՛չ միայն անունը, այլ անոր ազգային պարզ գաղափարախօսութիւնը.
«Ա՛խ լեզուն, լեզուն. լեզուն որ չըլնի, մարդ ընչի՞ նման կըլնի: Մեկ ազգի պահողը, իրար միացնողը լեզուն ա ու հավատը: Լեզուդ փոխի՜ր, հավատդ ուրացի՜ր, էլ ընչո՞վ կարես ասիլ, թէ ո՞ր ազգիցն ես»:
Հայաստան եւ աճող ու բազմացող սփիւռք(ներ)ը, քաղաքական, տնտեսական եւ բարքերու խառնաշփոթութեան մէջ, սպասման սենեակի մէջ բանտարկած են ազգային լեզուի պաշտպանութեան հարցը, եւ հաւաքական անպատասխանատուութեամբ զայն յանձնած են ամէն կարգի ազդեցութիւններու եւ ներխուժումներու: Ինչ որ այս ուղղութեամբ կը կատարուի սփիւռք(ներ)ի մէջ, հայերէնի պաշտպանութիւն եւ հայերէնախօսութիւն, չնչին է՝ բաղդատած համրանքին: Գեղագիտական ինքնագոհութիւն:
Ո՛չ ոք մեզմէ պահանջած է եւ կը պահանջէ հայերէնի օտարումը, լքումը, անոր փոխարինումը:
Կարճատեսի կարծեցեալ գործնապաշտութեամբ, մենք հայերէնը հանած ենք մեր գոյութենական արժեհամակարգէն եւ կը շարունակենք այդպէս ընել: Բջիջներու պայքարը պէտք չէ վարագուրէ իրականութիւնները: Հայերէնէ հեռացումը եւ անոր լքումը դարձած են աղէտ անխուսափելիօրէն եւ տարերային թափով տարածուող եւ տարտղնուող սփիւռք(ներ)ի պարագային: Իսկ Հայաստան, սովետի ժառանգութիւն սովորութիւնը կը շարունակուի, եւ վասն արդիականութեան, օտար հազարաւոր բառեր հարազատի պէս տուն տեղ եղած եւ կը շարունակեն ըլլալ, ընդունուած բնականոնութեամբ: Անհնագստացողները մոմով պէտք է փնտռել:
Հաւանօրէն մարդիկ կը խորհին, որ խօսուած եւ գրուած հայերէնի մէջ ներմուծելով օտար բառեր, հաղորդակցութիւնը կը դիւրանայ մօտի եւ հեռուի շրջապատին հետ: Աւելի քան տարիէ մը ի վեր, լսած, կարդացած եւ հանդիպած օտար բառերս կը հաւաքեմ, անոնց թիւը 1600է աւելի է: Ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, թրքերէն եւ այլ լեզուներ ալ պէտք է գիտնալ հասկնալու համար լրագրական կամ քաղաքական վերլուծման էջ մը: Հայերէնը վերածուած է խառնածին լեզուի մը,- hybride,- վերջնական անհետացման ճամբուն վրայ: Ե՞րբ կանգ կ’առնէ այս նահանջը, դարպասները բացող հարազատութեան եւ ինքնութեան անձնատուութեան ընթացքը: Կ’ենթադրեմ, որ ան պիտի շարունակուի, քանի որ Հայաստանի քաղաքական դէմքերը եւ մամուլը անխնայ կը շարունակեն լեզուի աւերումը, անոնց հետքերուն վրայ՝ նաեւ ժողովուրդը:
Աւելի ճիշդ եւ հասկնալի. հայերէնը կարծէք դադրած է ազգային-քաղաքական օրակարգ ըլլալէ: Օրերով, ձեր հեռատեսիլի պատուհանին առջեւ նստած, կրնաք հետեւիլ Հայաստանի Ազգային Ժողովի հետաքրքրական եւ հետաքրքրաշարժ ելոյթներուն, ոչ իսկ մէկ բառ կը լսէ ազգային լեզուի մասին: Սահմանադրութեամբ ըսուած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան լեզուն հայերէն. ո՞ր հայերէնը: Այն լեզո՞ւն, որուն մէջ կը վխտան հազարաւոր օտար բառեր, որոնք մեր ժառանգութեան հետ ոչ հեռուէն եւ ոչ մօտէն առնչութիւն չեն ունեցած եւ չունին հայերէնի հետ, խորթ են:
Երեւոյթը ունի իր բացատրութիւնները, այսինքն՝ արդարացումները. ի հարկէ՝ ազդեցութիւնները, սովորութիւնները, բայց նաեւ ընկերամշակութային «փիլիսոփայութիւն»ը, ըստ որուն «լեզուն կը յառաջդիմէ», չ’ըսուիր՝ ո՞ւր հասնելու համար: Համաշխարհայնացումը կը պարտադրէ համաշխարհային համարուած եւ դարձած անգլերէնի որդեգրումը, իր նորահնար բառերով եւ եզրերով, զորս հայացնելու ո՛չ մէկ միտում կայ:
Լեզուի պետական տեսչութեան եւ այլ պատասխանատուներու յորդորները լսող չկայ:
Եթէ հայկական եւ Հայաստանի ինքնուրոյն պետականութիւն կ’ուզենք, այսօրուան եւ վաղուան ազգը պիտի ըլլայ հայախօս եւ պատմամշակութային շարունակութիւն: Այս ըմբռնումով լեզուի հարցով՝ ո՛չ ռազմավարութիւն կայ եւ ո՛չ ալ մարտավարութիւն: Եթէ կացութիւնը այսպէս զարգանայ եւ շարունակուի, աստիճանաբար կը յանգինք ընդունուած ընդհանրացած տարազով «ծագումով հայ հաւաքականութիւններու», որոնք ընդգրկած կ’ըլլան նոր ինքնութիւն եւ ընդգրկուած՝ այլ ամբողջներու մէջ:
Հետեւաբար, ազգի հարազատութեամբ շարունակութիւն ըլլալու համար, քաղաքական իշխանութիւնը, այլ օրէնքներու շարքին, պիտի հաստատէ լեզուի պաշտպանութեան օրէնքներ, որոնք չըլլան սոսկ սկզբունքային, եւ անոնց գործադրութեան համար համապատասխան վերահսկողութեան կանոններ:
Ազգային լեզուի պաշտպանութեան համար գաղափարական ներշնչում ունեցող նախաձեռնութիւնները կը վերականգնեն նաեւ ինքնուրոյն ազգ ըլլալու հպարտութիւնը եւ կը մնանք պատմութեան բեմին վրայ, չենք անհետանար: Եթէ այս աշխատանքը այսօր չկատարուի, ի հարկէ՝ Հայաստան, բայց նաեւ հնարաւորի սահմաններուն մէջ սփիւռք(ներ), ընդունած կ’ըլլանք, որ պիտի ճզմուինք մեծ ուժերու մշակոյթներու հարթող գլանին տակ:
Ղեկավարութիւնները հաշուետու են ոչ միայն անմիջական ներկայի մարդոց, այլ նաեւ պատմութեան առջեւ, գալիքին առջեւ:
Կը կցեմ հայերէնը աղարտող իմ հաւաքած բառերուս ցանկը, զոր կոչած եմ «Նորահայերէնի Բառարան»: Կը յուսամ, որ ազգի հեռանկարային որակաւոր գիտակցութեամբ, ամէն ձեւի ղեկավարութիւնները այս բառերը կը փոխարինեն հայերէնով, խօսուած եւ գրուած լեզուին մէջ: Այս ազնիւ ազգային քաղաքականութիւն է: Ամբոխավարական ճառ չէ, ո՛չ ալ աթոռամարտ:
Այս բարեկարգումը ի հարկէ ըլլալով համազգային մտահոգութիւն, պէտք է որ գայ ղեկավարութենէն: Բայց նաեւ, իւրաքանչիւր լրագրող, խմբագիր, հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի խմբագիր, լրագրող, հաղորդավար, ինքզինք պատասխանատու զգալով պատմութեան առջեւ, իր անձին օրինակով ներկայանայ:
Yerakouyn.com
Leave a Reply