Ազրպէյճանի մէջ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի կառուցման նախագիծ կը պատրաստեն: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` յղում կատարելով երկրի ճամբաներու վերանորոգման եւ շահագործման պետական գործակալութեան ղեկավարին:
Զուգահեռաբար ազրպէյճանական կողմին մէջ կ՛ընթանայ Հորադիզ-Ճեպրայիլ-Զանգելան-Աղբենդ (Հորադիզ-Ջրական-Կովսական-Աղբենդ) ճամբու հատուածի կառուցումը: Անիկա ճամբայ պիտի բանայ դէպի Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն:
Կը հաղորդուի, որ այս ճամբուն երկարութիւնը պիտի կազմէ 123,8 քիլոմեթր եւ կազմուած պիտի ըլլայ երթեւեկութեան 4-6 գիծէ: Շինարարութիւնը կը նախատեսուի իր աւարտին հասցնել 2024 թուականին:
https://www.aztagdaily.com/archives/518330
Leave a Reply