Տէր Զօրի եկեղեցւոյ համալիրը քանդուած է անոր մէջ զետեղուած ռումբերով. Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն

Այս տեսերիզին (video) մէջ կը տեսնէք Տէր Զօրի եկեղեցւոյ համալիրը՝ իր նախկին եւ ներկայ վիճակին մէջ։ Յստակ տեղեկութիւններու համաձայն, համալիրը քանդուած է անոր զանազան մասերուն մէջ զետեղուած ռումբերով։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն։

Յայտնենք, որ Տէր Զօրի համալիրը կը բաղկանար եկեղեցիէ, թանգարանէ, մատենադարանէ, համագումարներու յատուկ սրահէ եւ այլ յարակից բաժիններէ։

Անմիջապէս որ շրջանի ապահովական պայմանները թոյլատու ըլլան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պիտի այցելէ Տէր Զօր։

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2021
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ