Պատրիարքական Աթոռոյ նուիրեալ սպասաւորներէն Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս, Էյուպի Ս. Եղիա եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Մինաս Աւ. Քհնյ, Ճիհանկիւլեան իր հոգին աւանդած է Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ։
Աւազանի անունով Պօղոս, ծնած է 1933ին, Սամաթիա, Ստանպուլ։ Որդին է Հայկի եւ Նուարդ Չիլինկիրեանի։ Կ՚ուսանի Սահակեան Նունեան Վարժարանի եւ Գարակէօզեան որբանոցի մէջ։ Կ՚ամուսնանայ Անահիտ Նաճարեան Մէնթէշիքեանի հետ, 12 Մայիս 1963ին։ Կ՚ունենան երկու զաւակներ՝ Հայկ (1964) եւ Սեւան (1970)։
Ի տղայ տիոց կը նուիրուի եկեղեցւոյ ծառայութեան։ Կը սիրէ իր եկեղեցին ու անոր արարողութիւնները, տարիներու ընթացքին կը զարգացնէ իր երաժշտական գիտելիքները։ Կ՚անդամակցի Հռիփսիմեանց-Երաժշտասիրաց Դպրաց Դասուն, ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ վարչութեան մէջ։
Դպրութեան չորս աստիճանները եւ ուրար կրելու արտօնութիւնը կը ստանայ 1960-ին, Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց Եկեղեցւոյ մէջ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի ձեռամբ։ Շահան Եպս. Սվաճեանէ կիսասարկաւագ կը ձեռնադրուի Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ 1968ին։ Սարկաւագ կը ձեռնադրուի 1 Սեպտեմբեր 1968ին Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, Շնորհք Պատրիարքի ձեռամբ։
Կը վարէ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ երաժիշտի պաշտօնը։ Այս ծառայութեան ընթացքին պարտականութեան գիտակցութեամբ կը գործէ երգեցիկ մանուկներու խումբի անդամներուն մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր երգեցողութիւնները փոխանցելու նուիրական առաքելութեամբ։ Այս մանկանց խումբի տղոց ընտանիքները օրհնութեամբ կը յիշեն իր բերած այս ծառայութիւնը։
9 Դեկտեմբեր 1998ին Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ մէջ Շահան Արքեպս. Սվաճեանի ձեռամբ քահանայ կը ձեռնադրուի։
Կը պաշտօնավարէ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս, Էյուպի Ս. Եղիա եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներուն մէջ։
Առ ի գնահատութիւն իր նուիրեալ ծառայութեան կը ստանայ լանջախաչ կրելու արտօնութիւն։
Պատրիարքական Տեղապահ Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի ձեռամբ 26 Նոյեմբեր 2017ին կը ստանայ Աւագութեան պատիւ եւ ծաղկեայ փիլոն կրելու արտօնութիւն։
Իր վախճանմամբ Պատրիարքական Աթոռի Հոգեւորականաց Դասը կը կորսնցնէ ծառայասէր ու պարտաճանաչ սպասաւոր մը, որ հակառակ իր ալեհեր տարիքին մնաց ծառայութեան պատնէշին վրայ, վառ պահելով իր հոգեւոր խնամքին յանձնուած եկեղեցիներու կանթեղները։
Աստուած հոգին լուսաւորէ։
Leave a Reply