Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, ընկերային ցանցերու մէջ տեղ գտած է Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ դրան առջեւ պատահած անախորժ դէպքը։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատարիարք Հայրը, առաջին իսկ պահէն մօտէն հետաքրքրուած էր սոյն դէպքի հետ եւ յայտնած՝ իր ցաւը։
Օրուայ մէջ, պատկան մարմիններ եւս բարձր մակարդակի վրայ անդրադարձան այս դէպքին եւ պախարակեցին եղելութիւնը։ Այս առիթով, Ստանպուլի Վսեմաշուք Կուսակալ Ալի Եէրլիքայա, հեռախօսային կապ հաստատած է Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր հետ եւ պախարակած՝ կատարուածը։ Այս առթիւ, յայտնած է, թէ՝ պատկան մարմինները հետամուտ եղած են դէպքին եւ երեք անձերը ձերբակալուած են։ Կուսակալը ըսաւ. «Ձեր զգայնութիւնները, մեր բոլորին զգայնութիւններն են»։ Պատրիարք Հայրը, յայտնեց, թէ դէպքը վիրաւորիչ էր եւ այս առումով շնորհակալութիւն յայտնեց պատկան մարմիններու ցուցաբերած հետաքրքրութեան համար։
Իսկ միւս կողմէ, Ներքին Գործոց Նախարար Սիւլէյման Սօյլուն եւ Կուսակալ Եէրլիքայան, հեռախօսային կապ հաստատեցին Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Արման Պիւքիւճեանի հետ եւ կատարուածը անընդունելի որակելով իրենց ցաւը յայտնեցին։ Բաց աստի, Գատըգիւղի Քաղաքապետ Շէրտիլ Տարա Օտապաշըն եւս կապ հաստատեց Խորհուրդի Բ. Ատենապետ Կարօ Պալեանի հետ եւ ինք եւս պախարակեց աղօթավայրի դէմ պատահած այս դէպքը։
Leave a Reply