Հայ բռնցքամարտիկը յաղթած է թուրք բռնցքամարտիկին

Թիֆլիսի մէջ ընթացող բռնցքամարտի Եւրոպայի առաջնութեան՝ 44 քկ քաշային Էրիկ Առստամեանը պարտութեան մատնած է իր թուրք մրցակիցը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։

Առաջին խաղին մեր մարզիկը յաղթած է մրցավարներու միաձայն որոշումով, իսկ երկրորդ խաղին՝ երկու անգամ նոքտաունի ենթարկած է մրցակիցը, որմէ ետք մրցավարները դադրեցուցած են մենամարտը:

Երէկ մեր բռնցքամարտիկներէն՝ թուրք մարզիկի նկատմամբ՝ բացայայտ առաւելութեամբ յաղթանակ տօնած էր նաեւ 80 քկ քաշային Դաւիթ Սիմոնեանը:

Yerakouyn.com  

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2021
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ