Ըստ Թուրքիոյ հետախուզութեան նախկին ղեկավարին. Պայտըն կը սպառնայ Արցախի մէջ Թուրքիոյ դիրքերուն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը կ՛ուզէ խարխլել տարբեր շրջաններու մէջ, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Անգարայի ազդեցութիւնը: Այս մասին ռուսական «Լենթա» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է թրքական հետախուզութեան նախկին ղեկավար Իսմայիլ Փեքին:

«Պայտընի նպատակն է խափանել այս տարածքին մէջ խաղաղութեան հաստատումը: Այս քաղաքականութիւնը թելադրուած չէ Միացեալ Նահանգներու հայկական լոպիին կողմէ, ընդհակառակն` անիկա չէր կրնար ազդել Ամերիկայի նախագահի որոշումներուն վրայ: Նման ներթափանցումը արդիւնք է ամբողջ Անգարայի նկատմամբ Ուաշինկթընի թշնամական վերաբերմունքին», ըսած է ան:

11 յունիսին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերով խումբի անդամները Սպիտակ տան ղեկավարին ուղղուած նամակին մէջ շեշտած էին. «Առանց ամերիկեան ուժեղ ղեկավարութեան` Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը պիտի շարունակեն խախտել մարդու իրաւունքները եւ խարխլել ժողովրդավարութիւնը` ապակայունացնելով շրջանը: Միացեալ Նահանգներ պէտք է հասկնան, որ այդ թշնամական գործողութիւնները կը յանգեցնեն վատ հետեւանքներու»:

https://www.aztagdaily.com/archives/514964 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2021
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ