Youtube-ը կը շարունակէ հեռացնել թուրք պաշտօնեաներու՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող տեսանիւթերը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի աշխատակազմի լրատւութեան ու հաղորդակցութիւններու գրասենեակը՝ ի պատասխան Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցի Թուրքիոյ Պոլիս քաղաքին մէջ ցուցահանդէս բացած էր «հայ ահաբեկիչներու կողմէ սպաննուած» դիւանագէտներու մասին։ Այդ ցուցահանդէսին հակահայ ելոյթով հանդէս եկած էր Էրտոդանի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժինի ղեկավար Ֆահրետտին Ալթունը: Օրերս «YouTube»-ը հեռացուցած է Ալթունի ելոյթին տեսանիւթը՝ նշելով, որ անիկա կ՝ընդգրկէ ատելութեան խօսք: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

«YouTube»-ի վարչակազմին այս որոշումը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է Թուրքիոյ մէջ եւ խիստ վրդովեցուցած՝ Ալթունը:

Վերջինս, անդրադառնալով միջադէպին, «Twitter»-ի մէջ բողոք ներկայացուցած է «YouTube»-ի դէմ՝ շեշտելով, որ տեսանիւթի հեռացման որոշումը երեսպաշտութիւն է եւ ընկերութիւնը առաջնորդուած է երկակի չափանիշներով:

«YouTube-ը, որ կ՝անտեսէ իսլամի եւ իսլամներու դէմ ուղղուած ատելութեան խօսքերը եւ դիւրութեամբ ճանապարհ կը բանայ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու սեւ քարոզչութեան համար, մեր թուրք դիւանագէտները սպաննած ոճրագործ ահաբեկիչներու մասին մեր ըսածները ատելութեան հիմքով յանցագործութիւն կը համարէ:

Ձեզի համար հաճելի ըլլայ, թէ՝ ոչ, ամէն առիթով պիտի ըսենք, որ ահաբեկչութիւնը չունի կրօն, լեզու եւ ցեղ: Եւս մէկ անգամ նկատեցինք, որ ինչպէս ամէն բնագաւառի մէջ, այնպէս ալ լրատուամիջոցի եւ հաղորդակցութեան ոլորտին մէջ մեզի անհրաժեշտ են տեղական եւ ազգային հարթակներ: Կեցցէ ճշմարտութիւնը»,- գրած է Ալթուն: Ակնարկելով «տեղական եւ ազգային տեղեկատուական հարթակներ»ու ձեւաւորման անհրաժեշտութեան՝ Ալթուն անուղղակի կերպով պոյքոթի ենթարկած է «YouTube»-ը:

Յատկանշական է, որ ասիկա «YouTube»-էն Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ստայօդ տեսանիւթերու հեռացման առաջին դէպքը չէ: YouTube-ը նախապէս նոյնպէս հեռացուցած է թուրք պաշտօնեաներու եւ քաղաքացիներու՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ատելութեան խօսք ընդգրկող տեսանիւթերը: Անոր վերջին օրինակներն են՝ թուրք պաշտօնաթող ծովակալ Ճիհատ Եայճըի եւ ազգայնական «Լաւ» կուսակցութեան պատգամաւոր Մահմուտ Քոչաքի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող եւ հակահայկական բնոյթ ունեցող յայտարարութիւնները: Նկատենք, որ Եայճըն տեսանիւթին մէջ հերքած էր Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, փոխարէնը պնդելով, թէ «հայերը իսլամներ սպաննած են», իսկ պատգամաւոր Քոչաքը քննադատած էր ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունելու համար:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2021
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ