«Շուշիի մէջ Ազրպէյճանի դրօշին հաւասար պիտի ծածանի նաեւ Թուրքիոյ դրօշը» կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Անթալիոյ մէջ դիւանագիտական խորհրդաժողովի փակման նիստի ընթացքին, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն ըսած է, որ նախապատրաստական աշխատանքներէն ետք Շուշիի մէջ պիտի բացուի ընդհանուր հիւպատոսութիւն, եւ որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր աշխատակիցները կարելի եղածին չափ շուտ պիտի ուղարկէ այնտեղ: Այս մասին կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները:

«Շուշիի մէջ Ազրպէյճանի դրօշին հաւասար պիտի ծածանի նաեւ Թուրքիոյ դրօշը», ըսած է Չաւուշօղլու` ընդգծելով, որ ընդհանուր հիւպատոսութեան բացումը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի:

Խօսելով Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն կողմէ ստորագրուած Շուշիի հռչակագիրին մասին` Չաւուշօղլու այս փաստաթուղթը կոչած է ապացոյց այն բանի, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ միութիւնը պիտի ըլլայ բարձրագոյն մակարդակի վրայ:

https://www.aztagdaily.com/archives/513033 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2021
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ