Համաշխարհային անվտանգութեան մարտահրաւէրներու լոյսին տակ ՕԹԱՆ-ի կարեւորութիւնը կ՛աճի: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին 14 յունիսին Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
Անդրադառնալով ղարաբաղեան խնդիրին` Թուրքիոյ նախագահը նշած է. «30 տարի ետք Ղարաբաղի մէջ վերականգնուած է արդարութիւնը»:
Էրտողան յայտարարած է, որ շրջանին մէջ «տագնապը փոխարինուած է բարգաւաճումով եւ մնայուն խաղաղութեամբ»:
«Մենք անհրաժեշտ կը նկատենք, որ այդ գործողութիւնները, որոնց մենք կ՛աջակցինք մեր երկրին սահմաններէն դուրս, աշխուժ աջակցութիւն ստանան նաեւ դաշինքին կողմէ», յայտարարած է Էրտողան:
https://www.aztagdaily.com/archives/512498
Leave a Reply