Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը անդրադարձած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուի` թրքական «Haberturk» հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին:
Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Սոյլուն համառօտ կերպով անդրադարձած էր Հրանդ Տինքի սպանութեան եւ դատավարութեան թեմային՝ զայն անուանելով Թուրքիոյ ամենակարեւոր հարցերէն մէկը:
Ան խօսած էր Տինքի սպանութեան գործով յանցագործներուն օգնելու մեղադրանքով դատապարտուած Էրհան Թունճելի եւ վերջերս աղմկայարոյց յայտարարութիւններով Թուրքիոյ ներքաղաքական կեանքը ցնցած քրէական հեղինակութիւն Սետաթ Փեքերի կապին մասին: Սոյլուն, մանրամասներ չյայտնելով, հռետորական հարցեր տուած էր, թէ ով գործընկեր դարձուցած է Թունճելին եւ Փեքերին, եւ թէ ով կամ ինչ համակարգ Թունճելին վստահած էր Փեքերին:
Փայլանը այդ գծով գրաւոր հարցապնդում ներկայացուցած է խորհրդարան՝ պահանջելով Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուէն պատասխանել հետեւեալ հարցերուն.
1. Ինչո՞ւ դատարանին չէք յայտնած ձեր իմացած այն տեղեկութիւնները, որոնք վերաբերած են Տինքի սպանութեան հետ Սետաթ Փեքերի կապին:
2. Ո՞վ եւ ո՞ր համակարգն է Էրհան Թունճելին վստահած Սետաթ Փեքերին:
3. Դատական համակարգին ե՞րբ պիտի յայտնէք այն, ինչ գիտէք Տինքի սպանութիւնը կազմակերպած «համակարգ»-ին մասին։
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ յայտնի յանցաւոր հեղինակութիւններէն մէկը՝ Սետաթ Փեքերը, որ կը թաքնուի արտասահմանի մէջ վերջին երեք շաբթուան ընթացքին ցնցած է Թուրքիան YouTube-ի մէջ տեղադրուած շարք մը տեսանիւթերով: Ան մեղադրանքներ կ՝առաջադրէ յայտնի թուրք պետական նախկին ու ներկայ գործիչներու դէմ, ներառեալ` սպանութեան, բռնաբարութեան, կաշառակերութեան եւ թմրանիւթերու վաճառքի մէջ:
Yerakouyn.com
Leave a Reply