Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի այցելութիւնը

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 24 մայիս 2021, երկուշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Ատենապետ Մէսուտ Էօզտէմիրի։

Այցելուներ, երկար ժամանակէ ի վեր Պատրիարք Հօր քաղաքավարական այցելութիւն տալու փափաքն ունէին, սակայն թագաժահրի (քորոնա) համավարակի սահմանափակումներուն պատճառաւ յետաձգած էին իրենց այցելութիւնը։ Զրոյցի ընթացքին եկեղեցւոյ, վարժարանի եւ թաղի գործունէութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին Նորին Ամենապատուութեան։

Պատրիարք Հայրը, բարի գալուստ մաղթեց այցելուներուն եւ շեշտեց թէ՝ Պաքըրգիւղը որպէս հայաշատ թաղ կարեւոր նշանակութիւն ունէր նաեւ Աթոռոյ մօտ։ Այս առումով, իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ու յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն։

https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2021
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ