Մենք՝ այսօր ապրողներս, մեզի պէտք է իրենցմով չափենք։ Մեր խնդիրը այսօր հերոս տղոց հետ նոյնանալու ցանկութիւնն է,-«Հնչող ձայներ» ժողովածուի շնորհանդէսի ընթացքին, ըսած է Տաւուշի թեմի առաջնորդ, Արցախի պատերազմի մասնակից Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեան։
Խնկո-Ապոր գրադարանին մէջ կայացած շնորհանդէսին ժամանակ, Տաւուշի թեմի առաջնորդը, ըստ Yerkir.am-ի, նշած է, որ մեր հայրենիքը կը գտնուի ամենաբարդ, ամենածանր ժամանակաշրջանի մը մէջ։
«Մեր ուղերձները չորցած են, կեղծ են։ Մեր կեանքը պէտք է ապրինք այնպէս, որ արժանի ըլլանք այս հերոսներու նահատակութեան»,- նշած է Տաւուշի թեմի առաջնորդը։
Leave a Reply