Յունական քաղաքական, քաղաքապետական եւ ակադեմական անձնաւորութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին առիթով կատարեցին դատապարտանքի յայտարարութիւններ, նշելով հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրի անպատժելիութեան շարունակութիւնը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազատ Օր»-էն։
Կատարուած յայտարարութիւններուն մէջ յատուկ նշանակութիւն եւ տեղ կը գրաւէ Յունաստանի Զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօրավար Քոնսթանթինոս Ֆլորոսի ըրած գրառումը Twitter-ի իր էջին վրայ։
Յոյն բարձրաստիճան սպան կը նշէ. «Այսօր, կը նշենք Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակը։
Մէկը՝ մարդկութեան դէմ կատարուած ամենամեծ ոճիրներէն։ Մէկ ու կէս միլիոն հոգիներ արդարութիւն կը պահանջեն»։
Նշենք, որ Յունաստանի Զինեալ ուժերու Գլխաւոր շտապի պետը Թուրքիոյ կողմէ Յունաստանի դէմ կատարուած ռազմատենչ ոտնձգութիւներու փորձերուն դիմաց, ցոյց տուած է խրոխտ կեցուածք. իր խօսքերով ու արտայայտութիւններով կը ներշնչէ ոչ միայն յունական բանակի ծառայողները, այլեւ յոյն ժողովուրդը։
Yerakouyn.com
Leave a Reply