Հայը չէ դադրեցուցած արդարութեան համար մղուող պայքարը ու ինձմէ ետք ալ պիտի չի դադրեցնէ. Փայլանի պատասխանածը Թուրք պատգամաւորին

Թուրքիոյ խորհրդարանի ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը արձագանգած է իր հասցէին սպառնալիքներ հնչեցուցած թուրք անկախ պատգամաւոր Ումիթ Օզտաղի գրառման: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

«Ժողովուրդս բնաջնջելու մտածելակերպը կրող թափթփուկը կ՝ըսէ ՝ կրկին կ՝ընենք (կը բնաջնջենք-խմբ.):

Դուք կրակեցի՞ք, ու մենք չմահացա՞նք: Մահացանք: Սակայն, անոնք, որոնք մնացած են, չեն դադրեցուցած արդարութեան համար մղուող պայքարը եւ ինձմէ յետոյ ալ պիտի չի դադրեցնեն,- ըսած է Փայլան՝ շարունակելով,- Այս երկրի բարեխիղճ մեծամասնութիւնը ասպարէզը պիտի չի ձգէ քեզի պէս ֆաշիստներուն եւ չի ալ ձգեր…»:

Իբրեւ աջակցութիւն Փայլանի՝ կուսակցական շարք մը գործիչներ հանդէս եկած են Օզտաղը քննադատող յայտարարութիւններով:

Յիշեցնենք, որ Օզտաղը անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին առիթով Փայլանի Twitter-ի գրառման, վերջինիս սպառնացած է Թալէաթ փաշայի եղեռնագործութեամբ:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2021
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ