Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն ԱՄՆ նախագահ Ճոզէֆ Պայտընի ապրիլքսանչորսեան ուղերձով եւ անոր կողմէն ցեղասպանութիւն բառը պաշտօնապէս կիրառելէն վերջ՝ Twitter-ի իր էջին մէջ կատարած է հետեւեալ գրառումը՝
«Բառերը չեն կրնար փոխել պատմութիւնը, չեն կրնար վերաշարադրել: Մեր պատմութեան մասին ոչ ոքէն դաս քաղելու մտադրութիւն չունինք: Քաղաքական շահախնդրութիւնը խաղաղութեան եւ արդարութեան հանդէպ դաւաճանութիւն է:
Այս յայտարարութեան միակ հիմքը ժողովրդականութիւնն է, եւ մենք ամբողջովին կը մերժենք»:
Ermenihaber.am-ի տեղեկութիւններով՝ Չաւուշօղլու՝ չբաւարարուելով մէկ անգամեայ գրառումով` յոխորտագին մեկնաբանութեամբ երկրորդ անգամ բաժնեկցած է Twitter-ի իր էջին վրայ:
Yerakouyn.com
Leave a Reply