Պայտընի գրասենեակը արձագանգելով Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայ պատմաբաններու նամակին` «Ուշադիր պիտի ուսումնասիրենք նամակը եւ պիտի աշխատինք ընթացք տալ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի գրասենեակը արձագանգած է Ցեղասպանութիւն եզրը գործածելու վերաբերեալ հայ պատմաբաններու նամակին: «Արմէնփրես»¬ի հաղորդումով` այս մասին յայտնած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան:

«Հայոց ցեղասպանութիւն. Թուրքիոյ պատասխանատուութիւնը երէկ եւ այսօր» խորագիրով կլոր¬սեղան քննարկման ժամանակ Աշոտ Մելքոնեան հրապարակած է ամերիկեան վարչակազմի նամակագրութեան բաժինէն ստացուած պատասխանի բովանդակութիւնը:

Նամակին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընի եւ փոխնախագահ Հարիսի վարչակազմը, շնորհակալութիւն յայտնելով հայ պատմաբաններուն` կապ հաստատելու եւ տրամադրուած տեղեկատուութեան համար, գնահատած են իրենց հետ հաղորդակցելու իւրաքանչիւր կարելիութիւն:

«Մեր երկիրը կը բախի բազմաթիւ մարտահրաւէրներու, եւ ձեր նմանօրինակ նամակները կ՛օգնեն մեզի` աւելի յստակ եւ լաւ հասկնալու, թէ Պայտըն¬Հարիս վարչակազմը ինչպէ՛ս կրնայ օգտակար ըլլալ ձեզի: Մենք ուշադիր պիտի ուսումնասիրենք նամակը եւ պիտի աշխատինք ընթացք տալ», ինչպէս յայտնած է Մելքոնեան, նշուած է հայ պատմաբաններու նամակին Սպիտակ տան պատասխանին մէջ:

Հայ պատմաբաններու ընկերակցութիւնն ու գիտական հանրութիւնը` կարեւոր նկատելով այն, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ վճռորոշ է նախագահի դիրքորոշումը, նամակ ուղղած էին Պայտընին, որպէսզի 24 ապրիլին ընդառաջ` համապատասխան հետեւութիւններ կատարուին Ցեղասպանութիւն բառը գործածելու հարցին մէջ:

https://www.aztagdaily.com/archives/506557 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2021
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ