Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է աշնան բռնագրաւուած Շուշի քաղաք այցելելու մտադրութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
«Կ՛ակնկալենք, որ ռամատանէն ետք մենք շատ մօտիկ ապագային պիտի այցելենք Շուշի, ուր պիտի կարենանք զգալ տօնի նոր շունչը», ըսած է ան Թրքալեզու պետութիւններու համագործակցութեան խորհուրդի վեհաժողովի ընթացքին, որ կ՛ընթանայ տեսաժողովի ձեւաչափով:
Բացի ատկէ, ան աւելցուցած է` «կարեւոր է շարունակել աջակցութիւնը Ազրպէյճանին աջակցութիւնը բոլոր միջոցներով` Ղարաբաղի մէջ թրքական կառոյցներու վերականգնման ու պահպանման համար»:
https://www.aztagdaily.com/archives/504222
Leave a Reply