Իտլիպի մէջ տիրող կացութեան պատճառով Անգարա Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանը կանչած է Արտաքին գործոց նախարարութիւն

Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսէյ Երխովը կանչուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն` Իտլիպի մէջ տիրող կացութեան պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները:

Թրքական լրատուամիջոցներուն տուեալներով` թուրք պաշտօնատարները արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Ալեքսէյ Երխովին ներկայացուցած են իրենց մտահոգութիւնը Իտլիպի մէջ անվտանգութեան խնդիրին առնչութեամբ, որ յառաջացած է շրջանին մէջ յաճախակի դարձած յարձակումներուն պատճառով: Նշուած է, որ յարձակումները տեղի կ՛ունենան այն տարածքներուն մէջ, ուր քաղաքային անձեր կան, ինչ որ կը սպառնայ Իտլիպի կայունութեան եւ անվտանգութեան:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ լուրը հաստատելով նշեց. «Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսէյ Երխովի հետ քննարկուեցաւ Իտլիպի կացութիւնը»:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նախապէս հրապարակած էր հաղորդագրութիւն մը` ռուսական իշխանութիւններուն կոչ ուղղելով միջամտելու` դադրեցնելու համար սուրիական բանակին կողմէ «Իտլիպի դէմ յարձակումները»` նշելով, որ շրջանին մէջ իր զինուորական ուժերուն «զգուշացումներ» փոխանցած է:

«Սփութնիք Արմենիա» կը նշէ, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը սուրիական բանակը մեղադրած է կիրակի օր Դամասկոսի վերահսկողութեան տակ գտնուող Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտիին մէջ հիւանդանոցի գնդակոծման ժամանակ հինգ խաղաղ բնակիչի զոհուելու, ինչպէս նաեւ բնակելի շրջանի վրայ յարձակման յանցանքով, որուն պատճառով վիրաւորուած են եօթը քաղաքայիններ:

Ռուսիոյ օդուժը Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն պատկանող հարիւր միլիոնաւոր տՏոլարներու մաքսանենգ ապրանք ոչնչացուցած է

 Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ Ռուսիոյ օդուժը ահաբեկիչներուն պատկանող սպառազինութիւն եւ հարիւր միլիոնաւոր տոլարներու մաքսանենգ ապրանք ոչնչացուցած է: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Լենթա» կայքը` յղում կատարելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մօտիկ «Ռուսքայա վեսնա» հրատարակութեան:

Ռուս զինուորները օդային հարուածներ հասցուցած են Պապ Հաուա սահմանային անցակէտի տարածքին մէջ գտնուող ռազմակայանին, ուր կանգնած են զէնքով ու սպառազինութեամբ լեցուն բեռնատարները:

Հարուածներ հասցուած են նաեւ «Ուաթատ Փեթրոլիում» քարիւղի հաստատութեան, որ ստեղծուած է ահաբեկչական «Հարաքաթ Թահրիր Շամ» կազմակերպութեան դաշտային հրամանատարներուն եւ անձամբ միջազգային ահաբեկիչներու ղեկավար Ապու Մոհամետ Ժուլանիի ձեռամբ:

https://www.aztagdaily.com/archives/503418 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2021
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ