Զեկոյց ի մասին Աւագ Շաբթուան եւ Ս․ Զատկի արարողութեանց

Ն.Ա. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր նախագահութեամբ գումարուած Պատկ. Կրօնական Ժողովը նկատի ունենալով տիրող համավարակի պայմանները, մօտալուտ Աւագ Շաբթուան առթիւ յետ խորհրդակցութեան որոշեց ստորեւի կարգադրութիւնները ի գործ դնել։

1.  Նկատի ունենալով որ Աւագ Շաբաթը կարեւոր է որպէս սուրբ շրջան, ուր ամէն օր քայլ առ քայլ կը հետեւինք Քրիստոսի Սուրբ Տնօրինութեանց, հասնելու համար Սուրբ Յարութեան աւետիսին։ Ուստի մեր եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները, իրենց պատասխանատուութեան յանձնուած եկեղեցիներուն մէջ իրենց անմիջական ծառայողներու ընկերակցութեամբ կը կատարեն արարողութիւններ, դռնփակ կերպով։

2. Դռնփակ կատարուած արարողութեանց աւարտին փափաքող հաւատացեալներ ազատ են մոմավառութեամբ իրենց ուխտի աղօթքները կատարել եկեղեցւոյ մէջ, միշտ յարգելով առողջապահական պայմանները, որոնք են

Ա. Թնչակապի գործածութիւն

Բ. Հականեխիչի գործածութիւն

Գ. Ընկերային հեռաւորութեան պահպանում

3. Ըստ կայացած որոշման կը կիրարկուի ստորեւ դրուած ժամանակացոյցը.

27 Մարտ, Շաբաթ, Յիշատակ Ղազարու Յարութեան

Ժամը՝ 10.00-11.00, ժամերգութիւն, կը բացուին եկեղեցիներու վարագոյրները։

Յաւարտ ժամերգութեան հաւատացեալներէն փափաքողներ կը մօտենան խոստովանանքի եւ կը ստանան Սուրբ Հաղորդութիւն։

28 Մարտ. Կիրակի, Ծաղկազարդ,

Ժամը 10.00, Սուրբ Պատարագ եւ աւարտին դռնբացէք, դռնփակ կերպով։

29 Մարտ, Աւագ Երկուշաբթի,

Ժամը՝ 10.00-11.00, ժամերգութիւն։

Յաւարտ ժամերգութեան հաւատացեալներէն փափաքողներ կը մօտենան խոստովանանքի եւ կը ստանան Սուրբ Հաղորդութիւն։

30 Մարտ, Աւագ Երեքշաբթի, Տասը Կուսանաց

Ժամը՝ 10.00-11.00, ժամերգութիւն։

Յաւարտ ժամերգութեան հաւատացեալներէն փափաքողներ կը մօտենան խոստովանանքի եւ կը ստանան Սուրբ Հաղորդութիւն։

Ժամը՝ 16.00-17.00, ժամերգութիւն, դռնփակ կերպով։

31 Մարտ, Աւագ  Չորեքշաբթի

Ժամը՝ 10.00-11.00, ժամերգութիւն, դռնփակ կերպով։

Յաւարտ ժամերգութեան հաւատացեալներէն փափաքողներ կը մօտենան խոստովանանքի եւ կը ստանան Սուրբ Հաղորդութիւն։

1 Ապրիլ, Աւագ Հինգշաբթի,

Ժամը՝ 08.30, Ընթրեաց Ս. Պատարագ, դռնփակ կերպով։

Յաւարտ Ս. Պատարագի հաւատացեալներէն փափաքողներ կրնան մօտենալ խոստովանանքի եւ ստանալ Սուրբ Հաղորդութիւն։

Ոտնլուայ՝ միայն Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ մասնակցութեամբ Հոգեւորականաց դասուն, դռնփակ կերպով։

Ժամը՝ 19.30 Աւագ Ուրբաթի գիշերային ժամերգութիւն, դռնփակ կերպով։

2 Ապրիլ, Աւագ Ուրբաթ,

Ժամը՝ 10.00-11.00, Կարգ Խաչելութեան, դռնփակ կերպով։

Ժամը 15.00-16.00, Կարգ թաղման, դռնփակ կերպով։

3 Ապրիլ, Աւագ Շաբաթ

Ժամը՝ 10.00-11.00, ժամերգութիւն,

Յաւարտ ժամերգութեան հաւատացեալներէն փափաքողներ կը մօտենան խոստովանանքի եւ կը ստանան Սուրբ Հաղորդութիւն։

Ժամը՝ 15.00-ին եկեղեցւոյ դռները կը փակուին,

Ժամը՝ 16.30, Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ, դռնփակ։

4 Ապրիլ. Կիրակի, Ս. Զատիկ

Ժամը 10.00, Սուրբ Պատարագ, դռնփակ կերպով։

5  Ապրիլ, Երկուշաբթի, Յիշատակ մեռելոց

Ժամը 9.00-10.30, Սուրբ Պատարագ, դռնփակ կերպով։

Յաւարտ Ս. Պատարագի հաւատացեալներէն փափաքողներ կրնան մօտենալ խոստովանանքի եւ ստանալ Սուրբ Հաղորդութիւն։

4. Վստահ ենք, թէ հաւատացեալ ժողովուրդի առողջութիւնը նկատի ունենալով կատրուած այս կարգադրութիւնները կը դիմաւորուին հասկացողութեամբ։ Ջերմ հաւատացողներէն ենք, որ այս համավարակի ժխտական հոսանքը պիտի դադրի եւ մենք դարձեալ առիթը պիտի ունենանք քահանայք եւ ժողովուրդի աղօթակցութեամբ առաջի Սրբոյ Սեղանոյ վայելել Անմահ Գառինն Աստուծոյ յայտնութիւնը եւ հաղորդուիլ Իր պատուական Արեամբ եւ Մարմնով։

Ի Տեառնէ կը մաղթենք, որ Աւագ Շաբթուան ընթացքին մեր աղօթքները լսելի դառնան, մանաւանդ մեր ընտանեկան յարկերուն տակ ապրինք առտնին աղօթելու վայելքը, պսակուած՝ Սուրբ Գիրքի ընթերցմամբ։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ

 https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2021
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ