Յունական ազդեցիկ «Քաթիմերինի» թերթի հարցումին պատասխանելով՝ Սպիտակ Տունը կը յայտնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն մտադիր է ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ վստահեցնել, որ նման վայրագութիւններ երբեք պիտի չկրկնուին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազատ Օր»-էն։
38 ամերիկացի ծերակուտականներու՝ Ճօ Պայտընին ուղղուած նամակին առիթով, որով կը պահանջուի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, «Քաթիմերինի» թերթը հարցում ուղղեց Սպիտակ Տան ներկայացուցիչին, որ պատասխանեց, թէ այս կառավարութիւնը յանձնառու է ստանձնել մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ երաշխաւորել, որ այդպիսի վայրագութիւններ պիտի չկրկնուին։ Այս գործընթացի կարեւոր բաժինը կը հանդիսանայ Պատմութեան ճանաչումը։
Յունական թերթին ղրկած իր պատասխանին մէջ, Սպիտակ Տունը կը նշէ Ճօ Պայտընի կապտումը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար՝ իր նախընտրական պայքարի ընթացքին տրուած խոստումին մէջ։ «Որպէս նախագահական թեկնածու, նախագահ Պայտըն անդրադարձաւ 1,5 միլիոն հայ տղամարդոց, կիներուն եւ փոքրիկներուն, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն։ Ան յայտնեց, թէ չենք կրնար մոռնալ, ոչ ալ լուռ մնալ այս ահաւոր եղեռնագործութեան դէմ։ Մենք միշտ պիտի յարգենք հայ ժողովուրդի դիմացկուն ըլլալու իրողութիւնը այսպիսի ողբերգութեան մը դիմաց։ Այս կառավարութիւնը յանձնառու է յառաջ մղելու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ ապահովելու որ նման վայրագութիւններ երբեք պիտի չրկրնուին։ Այս գործընթացի կարեւոր բաժինը կը հանդիսանայ Պատմութեան ճանաչումը», ըսուած է «Քաթիմերինի» թերթին ուղղուած պատասխանին մէջ։
Azator.gr
Yerakouyn.com
Leave a Reply