Անգարան ոչ մէկ մտահոգութիւն կամ անհանգստութիւն ունի այն առնչութեամբ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն տակաւին չէ խօսած իր թուրք պաշտօնակիցին հետ: Այս մասին «Հապեր Կլոպըլ» պատկերասփիւռի կայանի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն` աւելցնելով. «Պայտընի հեռաձայնը կարեւոր չէ կառավարութեան համար, Թուրքիան այլեւս պիտի չզիջի»:
«Իմ խօսքերս կրնան քիչ մը կարծր ըլլալ, սակայն ատիկա (Պայտընի հետ հաղորդակցութեան բացակայութեան մասին քննարկումը) ինծի կը յիշեցնէ թերարժէքութեան բարդոյթ, որ կար նախորդ վարչակազմերուն մէջ», ըսած է Քալըն:
Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգներու հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները միշտ դէպի անկում գացած են:
«Պարաք Օպամայի օրերուն Ուաշինկթըն սկսած է աջակցիլ սուրիական քրտական խումբերուն, որոնց Թուրքիան ահաբեկչական կը նկատէ, մինչդեռ Տանըլտ Թրամփը պատժամիջոցներ հաստատած է Ամերիկայի Հակառակորդները պատժամիջոցներու ճամբով դիմակայելու օրէնքի (ՔԱԱԹՍԱ) ծիրին մէջ իր առջեւ գտնուող «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգին պատճառով», նշած է Քալըն:
https://www.aztagdaily.com/archives/502520
Leave a Reply