Ապրիլին լոյս պիտի տեսնէ Ումիթ Քուրթի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գիրքը

Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը դատապարտող ԱՄՆ Մասաչուսսեթս նահանգի Քլարք համալսարանի թուրք յայտնի պատմաբան, դասախօս, փրոֆէսըր Թաներ Աքչամ Facebook-ի իր էջով կը տեղեկացնէ, որ ապրիլին լոյս պիտի տեսնէ իր գործընկերոջ՝ ԱՄՆ Քլարք համալսարանի թուրք դասախօս Ումիթ Քուրթի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գիրքը։ 

«Այնթափի հայերը. Ցեղասպանութեան խնայողութիւնը Օսմանեան վիլայէթի մը մէջ» վերնագիրով գիրքին հրապարակումով զբաղած է Harvard University Press հրատարակչութիւնը։ Գիրքը հիմնուած է Ումիթ Քուրթի դոկտորական աշխատանքին վրայ։

Նշենք, որ Ումիթ Քուրթը համահեղինակ է Ցեղասպանութեան մասին այլ գիրքի մը եւս՝ («Օրէնքներու ոգին. Հայոց Ցեղասպանութեան հետքերը փնտռելով «Լքեալ գոյքեր»ու մասին օրէնքներուն մէջ»)։ Այդ գիրքին միւս համահեղինակը Թաներ Աքչամն է։

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2021
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ