Վագըֆ գիւղը կը պարգեւատրուի իբրեւ «Տարուան գիւղը»

Կիլիկիոյ շրջանին մէջ մինչեւ օրս իր գոյութիւնը պահած միակ հայկական գիւղը հանդիսացող Վագըֆը կը շարունակէ իր յաջողութիւններու շղթային նոր օղակներ աւելցնել։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ակօս»-էն։

Գիւղի յատկութիւնները նկատուած են հեռաւոր այլ գաւառէ մը, ուր «Կենդանի քաղաքներու հարթակ» անունով հասարակական կազմակերպութիւնը ամէն տարի կը նշէ բնակավայր մը, իբրեւ «Տարուան գիւղը»։

Մրցանակը յանձնելու արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Արտահանի կուսակալութեան երդիքին տակ։

Սամանտաղի հայ համայնքի պետ Ճեմ Չափար կը յայտնէ, թէ հպարտ է այս մրցանակին արժանանալով։

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2021
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ