Երգի մը պատմութիւնը

«Դաշնակցական զինուորը»
(«Խնուսից գալող հայ զինուորները քաջ»)
Երգին պարունակած մարտունակ հնչեղութիւնը

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Հայ ազատագրական պայքարի պատմութիւնը լեցուն է հերոսական անցեալի զանազան դրուագներով եւ անոնց հիմնական առանցքը կազմող հայ ֆետայիներու առասպելական կերպարներով: Հայ իրականութեան մէջ ազատագրական պայքարը ծնունդ տուաւ երկու կարեւոր իրադարձութեան` դաշնակցական ֆետայիներու սերունդի եւ յեղափոխական երգերու, որոնք իրենց ուժականութեամբ տարիներ շարունակ ոգեշնչած են ժողովուրդը, իսկ կռուի դաշտին մէջ` զինուորները մղած կռուի եւ յաղթանակի:

Յօդուածի խորագիրէն ակներեւ է, որ լուսարձակի տակ կ’առնուի տուեալ երգը: Նախքան երգի բառերու եւ երաժշտութեան մասին ներկայացումը` անհրաժեշտ է ներկայացնել երգին բնութագիրը, ստեղծման հիմք հանդիսացող պատմական դէպքը, Խնուսի պատմական ու աշխարհագրական դիրքը, ապա` երգին մէջ յիշատակուած հերոսներու ծննդավայրերը, որմէ ետք` ֆետայիներու կերպարներն ու անոնց առնչուած այլ նիւթեր:

1905-1906 թուականներուն թաթարներուն կողմէ հայերուն վրայ շղթայազերծուած յարձակումները յայտնի դարձան հայ-թաթարական ընդհարումներ անուանումով: 19-րդ դարուն եւ 20-րդ դարու սկիզբը ժամանակակից ազրպէյճանցիները «կովկասցի թաթարներ» կը կոչուէին: Վերոնշեալ ընդհարումները կոչուած են նաեւ հայ-թուրք կռիւները կամ պատերազմը:

Շուրջ մէկուկէս տարի տեւած հայ-թաթարական ընդհարումներէն հայութիւնը դուրս եկաւ յաղթական` շնորհիւ ՀՅ Դաշնակցութեան, որ իր ռազմիկ ու ղեկավար մարտական ուժերու մասնակցութեամբ յաջողեցաւ կազմակերպել կովկասահայութեան ինքնապաշտպանութեան ծանր գործը: Շնորհիւ յարձակումը պաշտպանութեան լաւագոյն միջոցի վերածելու արուեստին` կովկասահայութիւնը ոչ միայն փրկուեցաւ ընդհանուր կոտորածէ, այլեւ հատու հարուածներ տրուեցան համաթրքական շարժումներուն:

Բոլորիս համար քաջ ծանօթ է, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իր հիմնադրութենէն ի վեր, հաւատարիմ մնացած է իր Ծրագիր-Կանոնագրին եւ ձեռք առած է բոլոր հայերու կեանքն ու ազատութիւնը պաշտպանելու դժուարին ու սուրբ գործը: Վերոնշեալ ժամանակաշրջանին որդեգրած էր ինքնապաշտպանութեան լաւագոյն ձեւը` յարձակումը:

Հայ-թաթարական ընդհարումներու ընթացքին, համաձայն կուսակցութեան կոչին, տարբեր շրջաններու մարտիկներու կողքին, ինքնապաշտպանական խմբակներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ խնուսցի դաշնակցական մարտական փաղանգի լաւագոյն մարտիկներն ալ, որոնցմէ կ’արժէ նշել` Տիգրանը, Մուշեղը, Ալխաթունի Աբրահամը, Բատուհանի Դաւիթը, Երանոս Հըլոյեանը եւ այլ քաջարի հայդուկներ:

Արդարեւ, հին Հայաստանի քաղաքական-աշխարհագրական բաժանումով, Խնուսը կը դրուի Տուրուբերանի նահանգին մէջ, Հարք անունով, ամփոփելով իր երկրամասին մէջ Խնուս-Խամուրի շրջանը[1]: Խնուս եւ Հարք մեր բնաշխարհի այս վաղեմի ու պատմական երկու անուններն ալ մէկը միւսէն աւելի հին ու բնիկ են: Միքայէլ Չամչեան Խնուսին կու տայ Տուարածատափ անունը եւ կը դնէ Խնուսը իբրեւ «հին Տուարածատափ գաւառ ի Տուրուբերան, այն է` Խնուսայ երկիր»[2]: Դարձեալ կը յիշատակէ Վարաժնունիք անունը, որուն կապուած կը մնան բազմաթիւ պատմական դէպքեր, որոնցմէ մէկն է յունադաւան Փիլարտոս հայ իշխանին սխրագործութիւնները[3]:

Խնուս (նաեւ` Խանուս, Խնիս, Խնուզ, Խնութ, Խնուսբերդ), պատմական հայկական քաղաք (բերդաքաղաք, գիւղաքաղաք, աւան, գիւղ) Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, Էրզրումի նահանգի Էրզրումի գաւառի Խնուսի գաւառակի մէջ, վերջինիս կեդրոնը: Հին ատեն յիշատակուած է նաեւ Խնուն (Խնունիք) ձեւով` որպէս Թոնդրակեան շարժման կեդրոն, իսկ թուրքերը կը կոչեն Խնըսքալէ: Գրիգոր Մարտիրոս եւ Մաղաքիա Օրմանեան կու տան Խնուլ, Խնուն անունները: Թէ այս վերջին անունները որքա՛ն առնչութիւն ունին խալդիներու ժամանակաշրջանին հետ, տակաւին առեղծուած է, թէպէտեւ 1916-ին, ռուսական գրաւման շրջանին, ազգագրագէտ Երուանդ Լալայեան մասնակի պեղումներու եւ հետազօտութեամբ կը փորձէ ըսել, որ խալդիներու պատմական հետքերը կը գտնուին Խնուսի մէջ:

Համարուած է նաեւ աւան կամ բերդ, նոր ժամանակներու մէջ երբեմն` գիւղ: Կը գտնուի Արածանիի աջակողմեան վտակ Խնուսի գետի ափին, Բիւրակնեան լեռներու արեւելեան ստորոտին, հիւսիսէն եւ հարաւէն աղեղնաձեւ ձգուող լեռնաճիւղերով սահմանափակուած Խնուսի գոգաւորութեան արեւմտեան մասին մէջ, ձորահովիտի մէջ, որուն կեդրոնը կը բարձրանայ քարքարոտ, խիստ զառիվեր լանջերով լեռ մը: Ուղիղ այդ լերան վրայ ալ հիմնուած են Խնուսի ամուր բերդը եւ նոր ժամանակներուն կառուցուած թրքական պահակակէտը: Անոր ստորոտէն կը հոսի Խնուսի գետը` քաղաքը բաժնելով երկու մասի, իսկ վերջինս շրջափակող առապարը խիստ թեքութեամբ եւ պարիսպի նման կը փակէ ազատ մուտքը դէպի քաղաք: Քաղաքը տեղադրուած է զառիթափ լեռնալանջերու վրայ, ծովէն մօտ 1800 մ բարձր: Խնուսի դիրքը գեղեցիկ է, բանաստեղծական: Տուներուն մեծ մասը տեղաւորուած էր գետի ձախ ափին, իսկ մէկ մասը` ձորէն վեր, փոքրիկ հարթութեան մը վրայ: Ջրառատ է, ունի լեռնային առողջարար օդ: Խնուսի մօտ կան շինարարական ընտիր քարի պաշարներ, քարածուխի եւ կերակուրի աղի հանքավայրեր, ածխաթթուային հանքային աղբիւրներ, որտեղ լոգանք կ’ընդունէին մեծ մասամբ կանայք: Հին ատեն Խնուսը Մեծ Հայքի Տուրուբերան աշխարհի Վարաժնունիք գաւառի կեդրոնն էր: Ոմանք զայն կը տեղադրէին նոյն աշխարհի Հարք, ոմանք ալ Տուարածատափ (այժմ` Կարայազ) գաւառին մէջ, որ անընդունելի է:

Խնուսի միջին դարերու բնակչութեան քանակի մասին ուղղակի տեղեկութիւններ չկան, իսկ անուղղակի նկարագրութիւններէն կ’երեւի, որ այդ ժամանակներուն ան բաւական մեծ բնակավայր եղած է: 19-20-րդ դարերուն բնակչութեան քանակի վերաբերեալ եղած տուեալները խիստ հակասական են: Թրքական պաշտօնական վիճակագրական աղբիւրներուն մէջ Արեւմտեան Հայաստանի միւս քաղաքներու պէս Խնուսի բնակչութեան քանակը դիտումնաւոր պակաս ներկայացուած է:

Հայ-թաթարական ընդհարումները տեղի ունեցան բնականաբար Կովկասի տարածքին` սկսելով Պաքուէն, անցնելով Երեւան եւ շրջակայքը, հասնելով մինչեւ Նախիջեւան, Թիֆլիս եւ այլն:

Թիֆլիսի մէջ նաեւ կարեւոր իրագործումներ կատարուեցան հայկական թաղամասերը պաշտպանելու համար, եւ այդ ինքնապաշտպանութեան աշխատանքին մէջ մեծ եղաւ դաշնակցական մարտիկներու ներդրումը: Անուանի հայդուկ Տուրպախը (Յարութիւն Կիրակոսեան) նշանակուեցաւ հրամանատար Հաւլաբարի (Թիֆլիսի ընդարձակ եւ ամէնէն հայաշատ քաղաքամասը, թուրքերուն մօտիկ): Արմէն Գ(Կ)արոյին (Գարեգին Պաստրմաճեան) յանձնուեցաւ Քուռի աջ ափի հրամանատարութիւնը: Գարոյին օգնական նշանակուեցան զինուորական գործերու համար ղարաբաղցի կապիտան Պաղտասարեանը` նոր վերադարձած ռուս-ճափոնական պատերազմէն, իսկ վարչական գործերուն համար` ճարտարապետ Տիգրան Ստեփանեանը: Պարէնաւորման գործը եւս իր վրայ առաւ Դաշնակցութիւնը` յանձին թիֆլիսեան իր կոմիտէի: Այսպիսով, Դաշնակցութիւնը իր վրայ վերցուց Թիֆլիսի հայութեան ինքնապաշտպանութիւնը նաեւ:

Այնուհետեւ, 1906 թուականին, հայ-թաթարական ընդհարումներու օրերուն, խումբ մը խնուսցի համագիւղացիներ մաս կը կազմեն նոյնպէս խնուսցի անուանի դաշնակցական խմբապետ Տիգրանի (Տէր Բարթողիմէոսի տղան, խնուսբերդցի) մարտական խումբին:

Այդ օրերուն խումբը, Տիգրանի հրամանատարութեամբ, Թիֆլիսի մէջ ինքնապաշտպանական մարտեր կը մղէ, անոնք կը մասնակցին Խարբուղ թաղի կռիւներուն: Այդ մարտին մէջ քաջաբար կը նահատակուի խնուսցի Մուշեղը:

Մուշեղի մասին Արմէն Գարօ հետեւեալը կը գրէ. «Վերջապէս երկուշաբթի առաւօտ թրքական դիրքերու վրայ երեւցան սպիտակ դրօշակներ, եւ հրացանաձգութիւնները անոնց կողմէ դադրեցան: Մերոնք դեռեւս կը շարունակէին: Եւ ահա ռուս զօրքը մէջտեղ եկաւ եւ ազդարարեց ամէն կողմ, թէ կռիւն այլեւս արգիլուած է: Թուրքերու զոհերն եղան շուրջ 500 հոգի` սպաննուած եւ վիրաւոր: Մենք ունեցանք 8 սպաննուած եւ 60 վիրաւորներ: Նահատակուածներուն մէջ էր խնուսցի Մուշեղը, Դաշնակցութեան ընտիր հայդուկներէն մին… ընկաւ, երբ Խարբուղ թաղին մէջ իր խումբով ներս խուժեց թշնամու դիրքը, կոտորեց եւ հրդեհեց: Թաղումը յուզիչ էր: Շատ ընկերներ լացին այդ անձնուէր երիտասարդին մահը. շատ մայրեր սգացին այդ «Ղարիպ աղբոր» համար, ինչպէս կ’անուանէին Մուշեղը` հաւլաբարցի կանայք»[4]:

Մուշեղի յիշատակը յաւերժացնելու համար Թիֆլիսի հայերու կողմէ մարմարակերտ շիրմաքար մը կը կանգնեցուի անոր շիրիմին վրայ: Սակայն տարիներ ետք վրացի համայնավար իշխանութիւնը բարբարոսաբար խորտակել եւ անհետացնել կու տայ շիրմաքարը` հողին հաւասարեցնելով շիրիմը:

Արդարեւ, հայ-թաթարական ընդհարումներու շրջածիրին մէջ ինկած Թիֆլիսի Խարբուղ թաղին գոյամարտի, խնուսցի շուրջ 14 հայդուկներուն եւ Մուշեղի յիշատակը անմահացնելու նպատակով աշուղ Ջիւանին, իբրեւ յարգանք, նուիրած էր «Դաշնակցական զինուորը» խորագիրը կրող երգ մը, որուն առաջին տողը` «Խնուսից գալող հայ զինուորները քաջ» բառերն են, որ երբեմն կ’օգտագործուի իբրեւ վերնագիր: Ջիւանիի ժողովրդական սոյն երգը տեղ գտած է Թովմաս Պօղոսեանի աշխատասիրութեան` «Ջիւանիի անյայտ երգեր» գիրքին մէջ, որ հրատարակուած է Երեւան, 2009 թուականին: Իսկ 1991 թուականին ձայնագրուած է Մոնրէալի մէջ:

«Դաշնակցական զինուորը» երգին մէջ ընդգրկուած է 1905-1906 թուականներու  ժամանակահատուածին մէջ ինկած Դաշնակցական ֆետայիներու մղած ինքնապաշտպանական գոյապայքարի պատմութիւնը:

Հոս անմիջապէս կ’ուզենք երգի առաջին տողին` «Խնուսից գալող հայ զինուորները քաջ»-ին մէջ կարեւոր նկատողութիւն մը ընել, այն պատճառով, որ տասնեակ տարիներ շարունակ բազմաթիւ երգարաններու մէջ դժբախտաբար սխալ արձանագրուած է տողին երկրորդ բառը` «գալող», որ եղած է «գալով»: Ուշադրութեան արժանի է, քանի որ ինչպէս վերը նշեցինք, այս տողը յաճախ օգտագործուած է իբրեւ վերնագիր:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Աշուղ Ջիւանիի «Խնուսից գալող հայ զինուորները քաջ…» ժողովրդական երգը.

Դաշնակցական Զինուորը

Խնուսից գալող հայ զինուորները քաջ,
Արեան դաշտից եկած եւ պարտաճանաչ,
Հին-հին վրէժներ առնել էր նոցա պահանջ,
Քաջի պէս վազեցին թշնամու առաջ:

Մօտ թուով տասն եւ չորս եւ իրենք անվախ,
Ղեկավար Տիգրանն էր, գործում էր անվախ,
Անմահ Մուշեղ հերոս, Շապուհ եւ Մելիք,
Համազասպ, Մարտիրոս կանգնած էին դիրք:

Թադոն ընտրեց Մոսօ, Շապուհ եւ Մխիկ,
Անուանուեցին սրանք խմբեր թռուցիկ,
Խարբուխ թաղի դիրքերումը միշտ անքուն,
Այրեցին, ջարդեցին անգութ մոլլի տուն:

Վրաստանի շքեղ Թիֆլիս քաղաքը
Չէր ճանաչում կանխաւ իրա որդոցը,
Երբ նրան Մուղնու թաղում կանգնեցան,
Այն ժամանակ հայերը ուրախացան:

Թէպէտ քաջ Մուշեղին նրանք զոհ տուին,
Բայց անգութ թշնամեաց շուտով յաղթեցին:
Կը լինեն ազատութեան գրաւական,
Նրանք պատիւ բերին Հայ Դաշնակցութեան:

Երգին իւրաքանչիւր համարը` առաջին տողը ընթացք կ՛առնէ երաժշտական ծանր ու հանդարտահոս կշռոյթով, եւ այդ ծանրութիւնը հետզհետէ կ’աշխուժանայ եւ ոգեշունչ կատարում կը ստանայ: Իւրաքանչիւր համարի 3-րդ եւ 4-րդ տողերը միատեղ ոգեւորիչ խանդավառ կրկներգ է: Երաժշտութիւնը ընդհանրապէս իր ամբողջական վիճակին մէջ աստիճանաբար ձայնի վերելքային բաժինով մեծ տպաւորութիւն ու մթնոլորտ կը ստեղծէ:

Արարքի նկարագրութիւնը իր հնչական ուժգնութեամբ եւ խօսքերու եղերերգայնութեամբ կը համապատասխանէ եղանակի պատմողական ընթացքին:

Շուրջ 115 տարի շարունակ հայ ժողովուրդի շրթներուն վրայ հնչող այս երգին բառերն ու մանաւանդ հայոց պատմութեան մաս կազմող այս երգը մինչեւ օրս պահած է իր հմայքը ժողովուրդին մէջ` ոգեշնչման աղբիւր հանդիսանալով երիտասարդ սերունդի համար: Այս երգը բոլոր ժամանակաշրջաններուն տարբեր տեսակի հաւաքոյթներուն, երգացանկերուն ներառուած ու հրապուրող երգ եղած է:

(Շար. 1)

[1] Տե՛ս Հայր Ղեւոնդ Ալիշան, «Քաղաքական աշխարհագրութիւն», 1853, Վենետիկ, «Քաղաքական նկարագիրք Հայոց Մեծաց», էջ 23:

[2] Միքայէլ Չամչեան, «Պատմութիւն Հայոց», 1785, Վենետիկ, Բ. գիրք, էջ 954:

[3] Միքայէլ Չամչեան, «Պատմութիւն Հայոց», 1784, Վենետիկ, Ա. գիրք, էջ 213-219, Բ. գիրք, 997:

[4] Արմէն Գարօ, «Հայրենիք» ամսագիր, Պոսթըն, 1923, Ա. տարի, թիւ 5, մարտ:

https://www.aztagdaily.com/archives/501283 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ