«Թալէաթ փաշայի ահաբեկումը նոր տեսանկիւններէ» նիւթով քննարկում Լոս Անճելըսի մէջ

Կազմակերպութեամբ Հայկական շարժապատկերի հիմնարկութեան եւ Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային ընկերակցութեան (NAASR), երկուշաբթի, 15 մարտին, կ․ա․ ժամը 11էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ «Թալէաթ փաշայի ահաբեկումը նոր տեսանկիւններէ․ 100 տարի ետք» նիւթով առցանց քննարկումը։

Յատկանշական է, որ ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ արդարահատոյց Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ 15 մարտ 1921ին իրագործուած արարքին ճիշդ հարիւրամեակի օրը։

Քննարկումին պիտի մասնակցին այս մասին հատոր մը հեղինակած դերասան եւ հեղինակ Էրիք Պօղոսեան, բեմադրիչ Քարլա Կարապետեան եւ պատմաբաններ Սթեֆան Իհրիկ ու Ֆիլիփ Սենտզ։

Քննարկումին հետեւելու համար այցելել www.youtube.com/c/ArmenianStudies կայքէջը։

Yerakouyn.com 

2 responses to “«Թալէաթ փաշայի ահաբեկումը նոր տեսանկիւններէ» նիւթով քննարկում Լոս Անճելըսի մէջ”

  1. Seto Boyadjian

    Ստորեւ՝ Էրիք Պօղոսեանի “Operation Nemesis” գործին մասին Լուսինէ Գասպարեանի գրախօսականին կապը, ուր Լուսինէն կէ թուէ Պօղոսեանի կատարած անհիմն հերագրումները.- http://www.atour.com/~aahgn/news/20150603a.html

  2. Seto Boyadjian

    Ցաւալի է, որ տակաւին տեղ կը տրուի Էրիք Պօղոսեանին, որուն “Operation Nemesis” գիրքը լի է Նեմեսիս Գործողութեան մասին նուաստացուցիչ վերագրումներով։ Կը յամարձակի գրել, թէ Գործողութիւնը աջակցութիւնը ունէր Քեմալ Աթաթիւրքի, թէ մեր ֆետայիները աւազակախումբեր էին։ Չորս տարի առաջ խոստացաւ հարկ եղած սրբագրումները ընել, բայց մինչեւ այսօր չէ ըրած։
    Սեդօ Պոյաճեան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2021
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ