«Թուրքերը երբեք պիտի չապրին յոյներու լուծին տակ» կ՛ըսէ թուրք կիպրացիներու ղեկավարը

Հիւսիսային Կիպրոսի ինքնահռչակ թրքական հանրապետութեան նախագահ Էրսին Թաթար յայտարարած է, որ կիպրացի թուրքերը երբեք պիտի չհրաժարին իրենց գերիշխանութենէն, որովհետեւ չեն պատրաստուիր «յունական լուծի» տակ ապրելու: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով «Քըպրըս» օրաթերթը:

Յոյն կիպրական կողմին դէմ Թաթարի հռետորաբանութեան խստացումը տեղի կ՛ունենայ Կիպրոսի խնդիրի լուծման շուրջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի նախաձեռնած վեհաժողովին ընդառաջ:

«Թուրքիոյ կարգավիճակի պահպանումը իբրեւ երաշխաւոր երկիր, Կիպրոսի մէջ թրքական զօրքերու գոյութիւնը, մեր գերիշխանութիւնն ու քաղաքական հաւասարութիւնը մեր կարմիր գիծերն են, որոնք երբեք պիտի չկիսենք, որովհետեւ անոնցմէ հրաժարիլը կը նշանակէ ըլլալ Յունաստանի լուծին տակ», ըսած է Թաթար:

Ինքնակոչ պետութեան ղեկավարը յայտնած է, որ իր յայտարարութեան պատճառը ՄԱԿ-ի մէջ Կիպրոսի մնայուն ներկայացուցիչ Անտրէաս Մաւրոյանիսի արտասանած խօսքն է, որուն մէջ ան ըսած էր, թէ յոյն կիպրական կողմը չի կրնար ընդունիլ գերիշխան հաւասարութեան սկզբունքը, որովհետեւ ատիկա վերջ պիտի տայ Կիպրոսի Հանրապետութեան գոյութեան:

https://www.aztagdaily.com/archives/499475 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2021
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728

Արխիւ