Լոյս տեսած է Հրանոյշ Յակոբեանի «Յիշում ենք եւ պահանջում» գիրքը

Լոյս տեսած է Հրանոյշ Հրանդի Յակոբեանի «Յիշում ենք եւ պահանջում» վերտառութեամբ ծաւալուն (840 էջ) գիրքը։ Աշխատութիւնը կ՝ամփոփէ հեղինակի գիտական, հրապարակային զեկու­ցում­ները, ելոյթները, որոնք մեծ մասամբ նուիրուած են Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախապատրաստման, տարածաշրջանային յանձնախումբերու հետ ՀՀ սփիւռ­քի նախարարութեան աշխատանքներուն։

Աշխատութեան մէջ ներկայացուած են նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի գործունէութիւնը, նիստերուն ընթացքին հեղինակի ելոյթները, որոնք յատկապէս կը վերաբերին Սփիւռքի տարբեր տարածքներու մէջ կատարուած աշխատանքներուն։

Անդրադարձ եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Համահայկական հռչակագրին, անոր բովանդակութեան ու հիմնական սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ համա­պետական, համահայկական հնչեղութիւն ունեցող ձեռնարկներուն, անոնց նշանա­կութեան։

Գիրքին մէջ տեղ գտած է նաեւ հեղինակի «Հայկական սփիւռքը յարափոփոխ աշխարհում» գիրքին այն հատուածը, որ նուիրուած է ցեղասպանութեան` «Հայոց Ցեղասպանութիւնից 100 տարի անց» խորագիրով։

Աշխատութիւնը հրա­տա­րա­կու­թեան ե­րաշ­խա­ւո­րած է ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի /ԳԱԱ/ Պատ­մու­թեան ուսումնարանի գի­տա­կան խոր­հուր­դը։

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2021
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728

Արխիւ