Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Արեւմուտքը մեղադրած է իր տարածքին իսլամատեացութեան դէմ պայքարին մէջ երկմտելու յանցանքով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ահվալ»-ը:
«Իսլամներու սրբազան արժէքներուն վրայ կատարուող յարձակումները յամառօրէն կ՛արհամարհուին` միտքի ազատութեան քողին տակ: Միեւնոյն ժամանակ «Եւրոպական իսլամութեան», «Ֆրանսական իսլամութեան» եւ «Աւստրիական իսլամութեան» նման նախագիծերը կ՛օգտագործուին իսլամները ճնշելու համար», ըսած է Էրտողան` Դեմոկրատներու միջազգային միութեան պատուիրակութեան:
Թուրքիոյ նախագահին կարծիքով` այդ գործողութիւնները «կը խզեն եւրոպացի իսլամներու` իրենց հայրենիքին ու իսլամ ժողովուրդին հետ կապը», եւ Թուրքիան կը տեսնեն իբրեւ իրենց նպատակային թիրախ:
Թերթը նշած է, որ անցեալ տարի լարուածութիւն յառաջացած է եւրոպական պետութիւններու եւ այնտեղ բնակող իսլամ փոքրամասնութիւններու միջեւ:
Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած զոյգ ահաբեկչութիւններէն ետք նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն արտայայտուած էր ֆրանսական իսլամութիւնը բարեփոխելու իր ծրագիրին մասին: Նման խոստում տուած է նաեւ Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Քուրցը` Վիեննայի մէջ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման հետեւորդներու կողմէ գործուած ահաբեկչութենէն ետք:
Էրտողան բացատրած է, որ այդ քաղաքականութիւնը կը նկատէ իբրեւ Թուրքիոյ դէմ ուղղուած քայլ: Ան նշած է, որ այդ բոլորը «պատահական չեն», եւ անոնք կ՛ուզեն «ոչ համաչափ մեթոտներով եւ անհիմն յայտարարութիւններով ու մեղադրանքներով խանգարել Թուրքիան»` Լեռնային Ղարաբաղի նման վիճելի վայրերու մէջ Անգարայի դէմ պայքարի ձախողումէն ետք:
https://www.aztagdaily.com/archives/498766
Leave a Reply