Արցախի պատերազմին Պաքուի յանցագործութիւնները՝ համազօր էին ցեղասպանութեան. Պարոնուհի Գոքս

«Հորիզոն»ի աւագ աշխատակից Նազիկ Հանէշեան հարցազրոյց մը ունեցած է հայ ժողովուրդի բարեկամ եւ Արցախի իրաւունքներու պաշտպան Պարոնուհի Գարոլայն Գոքսի հետ։

Պարոնուհի Գոքս 87 անգամ այցելած է Արցախ. Արցախեան ազատամարտի օրերուն բազմիցս ելոյթ ունենալով Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ ­Լոր­տե­րու ­Պա­լա­տին մէջ՝ վկայած է Արցախի դէմ Պաքուի կողմէ գործադրուած յանցագործութիւններուն մասին, յատկապէս յատուկ զեկոյցով վկայած է Մարաղայի կոտորածին մասին։

Հարցազրոյցին ընթացքին, Բրիտանացի քաղաքական գործիչը յատնած է, որ Նոյեմբերին Արցախ կատարած այցելութեան ընթացքին ականատես եղած է նոր ցեղասպանութեան մը հետեւանքներուն։ Ան վկայակոչած է Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած յանցագործութիւնները՝ պատերազմի ընթացքին մարդու իրաւունքներու խախտման դէպքերն ու եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ հիւանդանոցներու վրայ գործադրուած վայրագութիւններն ու խժդժութիւնները։

Անդրադառնալով Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած արցախեան տարածքներու հայկական հոգեւոր ժառանգութեան ճակատագրին, Պարոնուհի Գոքս նշած է, որ բազում եկեղեցեներ եւ խաչքարեր այսօր կը գտնուին Նախիջեւանի Հին Ջուղայի խաչքարերու ճակատագրին ենթարկուելու սպառնալիքին տակ։

Ան խստօրէն դատապարտած է ռազմագերիներու հանդէպ ազրպէյճանական կողմի անմարդկային վերաբերմունքի դէպքերը։ Պարոնուհին քննադատած է նաեւ միջազգային մամուլի կողմնակալութիւնը ի նպաստ Ազրպէյճանի եւ կոչ ուղղած հայկական Սփիւռքին, որպէսզի այդ կողմնապաշտ քարոզարշաւը դիմակայելու պարտաւորութիւնը ստանձնէ։

Ան յայտնած է, որ աշխարհը այսօր երախտագիտութիւն պարտական է հայ ժողովուրդին ՝ հաւատքի ու ազատութեան առաջնագիծը պահելու համար։

Նշենք, որ Արցախեան առաջին պատերազմին ընթացքին Պարոնուհի Գոքս նիւթական եւ բարոյական անգնահատելի օգնութիւն ցուցաբերած է շրջափակման մէջ գտնուող արցախահայութեան։ Հրադադարէն ետք, իր գործօն աջակցութեամբ Ստեփանակերտի մէջ հիմնուած է ողնաշարի վնասուածքով հիւանդներու համար վերականգնողական բուժարան։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2021
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728

Արխիւ