Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Լիպիոյ, Սուրիոյ, Եգէական ծովու, Արեւելեան Միջերկրականի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Թուրքիոյ ձեռքը ոլորել չկրցած որոշ կողմեր «կը փորձեն մեզի արգելք հանդիսանալ անհիմն պնդումներով»:
«Յիշեցէ՛ք, որ մեր երկիրը թիրախ դարձուցած յարձակումները, մասնաւորաբար տնտեսական մարզին վնասներն ու ահաբեկչական յարձակումները, պատահականութիւն չէին», աւելցուց Էրտողան:
Թուրքիոյ նախագահը դարձեալ քննադատեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը` մեկնաբանելով վերջինիս` Թուրքիոյ ուժերը Լիպիայէն հեռացնելու կոչը` ըսելով. «Կը թուի, թէ չսորվեցաւ, եւ սորվիլը երկար ժամանակ կ՛առնէ»:
https://www.aztagdaily.com/archives/498658
Leave a Reply