Էրտողանի աւագ խորհրդականներէն մէկը` «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին. «Թուրքիան պատրաստ է յարաբերութիւններու կարգաւորման, եթէ Հայաստանը ուզէ»

 

«Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի թուրք աշխատակից Ասլը Այտընթաշպաշ օրաթերթին մէջ հրապարակած է յօդուած մը, որուն մէջ կ՛անդրադառնայ Ճօ Պայտընի նախագահութեան ընթացքին թուրք-ամերիկեան խարխլած յարաբերութիւններու կարգաւորման:

Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթի թուրք լրագրողը զրուցած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն մէջ շարք մը անանուն աղբիւրներու հետ, ներառեալ Էրտողանի աւագ խորհրդականներէն մէկը:

Թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները խարխլած այլ կարեւոր խնդիրներու կողքին, խորհրդականը նշած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւնները եւ յայտնած զանոնք կարգաւորելու պատրաստակամութեան մասին:

«Աւելի զարմանալի էր, որ Էրտողանի աւագ խորհրդականը ինծի ըսաւ, թէ Անգարան պատրաստ է «կարգաւորել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ», նշեց Այտընթաշպաշ:

Թուրքիան նոյեմբերին աջակցած էր Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի զինուորական արշաւին, սակայն պաշտօնատարը այժմ կը նշէ, որ իրենք կրնան համագործակցիլ իրենց պատմական թշնամիին հետ եւ նոյնիսկ բանալ սահմանները:

«Մեզի համար մշտապէս խնդիր էր Ազրպէյճանի տարածքներու Հայաստանի կողմէ բռնագրաւումը: Սակայն այդ հարցը այժմ լուծուած է: Եթէ Հայաստան փափաքի քայլ կատարել, մենք պատրաստ ենք», Էրտողանի խորհրդականին խօսքերը կը մէջբերէ Այտընթաշպաշ:

Լրագրողը կը նշէ, որ թէեւ Հայաստանը եւ Կիպրոսը չեն նկատուիր թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու միջուկը, բայց եւ այնպէս, այդ երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը պիտի նպաստէ Արեւմուտքին հետ Թուրքիոյ մերձեցման:

https://www.aztagdaily.com/archives/498502 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2021
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728

Արխիւ