Էրտողանի խօսնակը Պայտընի խորհրդականի հետ քննարկած է Արցախի հարցը

Թուրքիոյ նախագահականի մամուլի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը հեռախօսազրոյց ունեցած է ԱՄՆ նորընտիր նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէք Սալաւանի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Sondakika.com-ը։

Կողմերը քննարկած են Թուրքիա-ԱՄՆ երկկողմ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ մտքեր փոխանակած Սուրիոյ, Լիպիայի, Արեւելեան Միջերկրականի, Կիպրոսի, Աֆղանիստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցերուն շուրջ:

Անոնք կ՝ակնկալեն, որ երկու դաշնակից երկիրները այս նոր փուլին ամուր, կայուն եւ կառուցողական յարաբերութիւնններու տարբերակ պիտի հաստատեն:

Հեռախօսազրոյցին ընթացքին համաձայնութիւն եղած է
ձեռնարկելու այնպիսի քայլեր, որոնք պիտի նպաստեն ՆԱԹՕ-ի ամրապնդման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2021
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728

Արխիւ