Տեղի պիտի ունենայ «Յիսուս Քրիստոսի կերպարը XX դարի եւ արդի հայ արուեստում» գիրքին շնորհանդէսը

«Հայ մշակոյթի միջազգային ասոցիացիա» ՀԿ-ն սիրով կը հրաւիրէ մասնակցելու Սաթենիկ Վարդանեանի «Յիսուս Քրիստոսի կերպարը XX դարի եւ արդի հայ արուեստում» գիրքի շնորհանդէսին եւ արդի հայ նկարիչներու թեմատիկ ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ յունուար 19-ին՝ ժամը 15: 00-ին, ՀՀ նկարիչներու միութեան մեծ սրահին մէջ:

Շնորհանդէսը պիտի ուղեկցուի Հայաստանի տարբեր պատկերասրահներու եւ մասնաւոր հաւաքածուներու մէջ գտնուող անուանի հայ նկարիչներու (ինչպէս՝ Գ. Բաշինջաղեան, Վ. Սուրենեանց, Գ. Խանջեան, Ս. Փարաջանով եւ այլք)՝ Քրիստոսի պատկերը ներկայացնող ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսով, որ պիտի տեւէ մինչեւ յունուար 21: Պիտի ըլլան նաեւ երաժշտական համարներ եւ տեղի պիտի ունենայ աւանդական գինեձոնի արարողութիւն:

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի, ԿԳՄՄ նախարարութեան, Երեւանի պետական համալսարանի, ՀՀ նկարիչներու միութեան, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի եւ Ս. Փարաջանովի թանգարանի աջակցութեամբ:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2021
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ