Հայ Դատի տասնամեայ գործունէութեան տեղեկագիր

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հրապարակեց վերջին տասնամեակի (2010-2020) իր ազգանուէր գործունէութեան գլխաւոր իրագործումները համադրող տեղեկագիր մը, որուն մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնուին Հայաստանին եւ Արցախին զօրակցելու, համայնքը քաղաքականապէս առաւել աշխուժ դարձնելու եւ Հայկական Հարցը ջատագովելու համար տարուած աշխատանքները։

«Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութիւնները, անձնակազմերը, գործիչները եւ համակիրները նուիրեալ աշխատանք կը տանին՝ դէմ դնելով ամէն տեսակի մարտահրաւէրներու, Հայկական Հարցը լուսարձակի տակ պահելու նպատակով», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։

36 էջնոց տեղեկագիրը կարդալու համար այցելել https://ancawr.org/about/annual-reports/ կայքէջը։

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2021
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ