Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ իր երկիրը Ֆրանսայի հետ աշխատանք կը տանի երկկողմանի յարաբերութիւններու բնականոնացման համար ճամբու քարտէս գոյացնել` նշելով, որ այդ ուղղութեամբ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է:
Չաւուշօղլու Փորթուգալի արտաքին գործոց նախարար Սանթոս Սիլվայի հետ Լիզպոնի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ֆրանսական կողմը պատասխանատու նկատեց Անգարայի եւ Փարիզի միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուածութեան համար` նշելով, որ Թուրքիան երբեք Ֆրանսայի դէմ չէ, այլ Ֆրանսան է, որ Թուրքիոյ բուռն կերպով կ՛ընդդիմանայ 2019 թուականի աշնան Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ քրտական ուժերուն դէմ զինուորական «Խաղաղութեան ակունք» գործողութեան շղթայազերծումէն ի վեր:
Չաւուշօղլու նշեց, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի հետ ունեցած է «շատ կառուցողական» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որ պսակուած է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման ճամբու քարտէսի կազմութեան շուրջ համաձայնութեամբ:
Ան յայտնեց, որ երկու կողմերը սկսած են աշխատիլ այդ քարտէսին վրայ, եւ «հոլովոյթը լաւ կ՛ընթանայ»:
«Եթէ Ֆրանսան անկեղծ է, ապա Թուրքիան պատրաստ է յարաբերութիւնները բնականոնացնելու», նշեց ան:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը համոզում յայտնեց, որ ամբողջ Եւրոպական Միութեան հետ իր երկրին յարաբերութիւնները կարիքը ունին «աւելի լաւ մթնոլորտի» ապահովման:
https://www.aztagdaily.com/archives/495228
Leave a Reply