Թուրքիան կը շարունակէ Ռուսիոյ հետ Ղարաբաղի հարցով միացեալ կեդրոնի կառուցումը

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախ-Ակունքի խմբ.) մէջ կացութիւնը վերահսկելու համար Ռուսիոյ հետ միացեալ կեդրոնի կառուցումը պիտի շարունակուի:

«Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ կողմէ ստորագրուած համաձայնագիրին համապատասխան` քայլերու կը ձեռնարկուին զինադադարի դրութեան հսկողութեան եւ վերահսկման կեդրոնի կառուցման ուղղութեամբ: Աշխատանքները կը շարունակուին Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ համաձայնաբար», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար նոյեմբերի սկիզբը յայտարարած էր, որ ռուս եւ թուրք զինուորները «շուտով իրենց պարտականութիւնները պիտի ստանձնեն» Լեռնային Ղարաբաղի միացեալ կեդրոնին մէջ:

https://www.aztagdaily.com/archives/493928 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2020
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ