Մուսա Լերան կամ Սուէտիոյ բարբառը՝ Քիստընըկ

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Մեր գանձը
Գանձ է Մուսա Լերան բարբառը:

Իրականութեան մէջ, շա՜տ մեծ եւ արժէքաւոր գանձ մըն է մեր բարբառը: Բարբառ մը, որ ունի իւրայատուկ բառամթերք եւ քերականութիւն (գրաբար հէնքի վրայ), ինքնուրոյն լեզուամտածողութիւն, հետաքրքրական արտայայտչաձեւեր եւ երեք տարբեր ենթաբարբառներ:

Բարբառին մէջ պահուած են հարուստ գիտելիքներ, որոնք առընչուած են պատմական անցուդարձերու, սովորութիւններու, լեզուներու միջեւ փոխազդեցութեան, ազգագրական մանրամասնութիւններու…:

Բարբառը ունի բանահիւսական շատ մեծ աւանդ: Մուսալեռցիք ունին մեծ թիւով մաղթանքներ, առածներ, աղօթքներ, անէծքներ, հեքիաթներ, երգեր, բազմատեսակ  սովորութիւններ եւ աւանդութիւններ։

Կարելի է ըսել, որ Մուսա Լերան բարբառը անսպառ գիտելիքներու շտեմարան մըն է: Գանձ մը:

Քիստընըկ, Քիսթընըկ
Մուսա Լերան բարբառը  կոչուած է Քիստընըկ, քրիստոնեայի լեզու իմաստով: Խօսուած է Մուսա Լերան պատմական գիւղերուն մէջ անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր: Բարբառը ամենէն աւելի մերձաւորութիւն ունի Քեսապի, Արամոյի, Զէյթունի եւ Հաճընի բարբառներուն հետ:

Բարբառը ունի երեք ենթաբարբառներ: Մուսա Լերան պատմական վեց գիւղերէն  Հաճի Հապիպլին (Հապլաք) եւ Պիթիասը ունին նոյն ենթաբարբառը, Եօղուն Օլուքը (Գէիղ), Խտրպէկը (Իտտէյր) եւ Վագըֆը (Մագըֆ) իրենց յարակից գիւղակներով կը խօսին նոյն ենթաբարբառը, իսկ Քէպուսիէն (Քապիսըք) ունի իր ուրոյն ենթաբարբառը: Բնականաբար այս երեք ենթաբարբառներու գոյութիւնը աւելիով  հարստացուցած է Մուսա Լերան գաւառաբարբառը:

Բարբառը խօսողներ կա՞ն
Եթէ աշխարհի մուսալեռցիներուն թիւը կը գնահատուի շուրջ 20-25․000, ըստ պրն. Սարգիս Փանոսեանի, այսօրուայ դրութեամբ բարբառ խօսողները պէտք է ըլլան աւելի քան 5000 հոգի:

Կ’արժէ արձանագրել, որ բարբառախօսներու մեծագոյն թիւը կը գտնուի Մուսա Լեռ- Այնճարի մէջ, որ իրաւամբ ընդունուած է որպէս մուսալեռցիներու այսօրուան մայրաքաղաքը:

Մուսա Լերան բարբառը տակաւին կը խօսուի պատմական Մուսա Լերան Վագըֆ (Մագըֆ) գիւղին, Մուսա Լեռ-Այնճարի (Լիբանան), Հայաստանի Մուսա Լեռ աւանին եւ աշխարհի վրայ ցրուած բազմաթիւ մուսալեռցի ընտանիքներուն մէջ:

Հետեւաբար, կարելի է ըսել, որ բարբառը տակաւին կենդանի է եւ կ’արժէ անդրադառնալ անոր:

Մուսա Լերան բարբառը ուսումնասիրուա՞ծ է
Այո, Մուսա Լերան բարբառին մասին ուսումնասիրութիւններ կատարած են բազմաթիւ լեզուաբաններ, ինչպէս՝ Հրաչեայ Աճառեան, Ա. Ղարիպեան, Գէորգ Ջահուկեան, Գաղթուհի Հաննէեան, Պըրթ Վօ (անգլիացի լեզուաբան, Bert Vaux), ինչպէս նաեւ ազգագրագէտներ եւ ուսումնասիրողներ, ինչպէս՝ Վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեան, Վերժինէ Սվազլեան, Թովմաս Հապէշեան, Յակոբ Թորոսեան, Իգնատիոս Մարտիրեան, Ալեքսանդր Փաշայեան, Յակոբ Փամպուքեան եւ այլն:

Հակառակ ցարդ կատարուած աշխատանքին, համոզուած եմ, որ Մուսա Լերան բարբառը ամբողջական եւ մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան ենթարկուած չէ: Եթէ բարբառի կարգ մը երեւոյթները ուսումնասիրուած են (քերականութիւն, հնչիւնաբանութիւն, ոճերու տարբերութիւններ), կան սակայն բազմաթիւ երեւոյթներ, որոնք պէտք է ուսումնասիրուին, ինչպէս՝ բառամթերքը, ծագումնաբանութիւնը, կրած ազդեցութիւնները…։

Բարբառին շուրջ հետաքրքրութիւն կա՞յ այսօր 
Մուսա Լերան բարբառին շուրջ հետաքրքրութիւն միշտ եղած է: Այսօր ալ կայ:

Մամուլի տակ են երեք հատորներ: Առաջինը վերջերս մահացած բանաստեղծ Յակոբ Փամպուքեանի Խտրպէկի խօսուածքի բառամթերքին նուիրուած ծաւալուն հատորն  է (Այնճար), երկրորդը (Երեւան) մուսալեռցի լեզուաբան Գաղթուհի Հաննէեանի Մուսա Լերան բարբառի մասնագիտական բառարանն է, իսկ երրորդը արեւմտահայերէն վերահրատարակութիւնն է (Պէյրութ) վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեանի «Սուէտիայի բարբառը» հատորին (Ա. տպագրութիւն Երեւան, 1967, արեւելահայերէն):

Կայ աւելին: Այնճարի Ազգ. Գ. Կիւլպէնկեան Վարժարանին մէջ, քանի մը տարի շարունակ, հայերէն լեզուի ուսուցչուհի Թամար Հերկելեան-Թասլաքեանը բարբառ սորվեցնելու դասընթացքներ կազմակերպեց: Նաեւ, Այնճարի Հայ Աւետ․ Վարժարանին մէջ, դարձեալ հայերէն լեզուի ուսուցչուհի Մարինա Աբրահամեան-Փիլաւճեանը աշխատանք տարաւ հետաքրքրութիւն ստեղծելու բարբառին հանդէպ:

Հետաքրքրութիւն կայ նաեւ այնճարցի երիտասարդներուն մօտ:

Ցոլակ Հերկելեան 2007 թուականէն ի վեր ստեղծած է „Anjari Lezou – Մուսա լերան բարբառ“ դիմատետրի խումբ մը (https://www.facebook.com/groups/2386243248), ուր միայն բարբառով կ’արտայայտուին մուսալեռցիները: Ցարդ 958 անդամներ ունի այս խումբը:

Անցեալ տարի, Երեւան գտնուած միջոցիս, Սիվիլնէթը հարցազրոյց մը ունեցաւ հետս այս նիւթով («Եսայի Հաւաթեան. Բարբառները լեզուն հարստացնող հանքեր են», զրուցավար Առէն Քերթէշեան https://www.youtube.com/watch?v=bzCcQAh1dw8&t=317s), որ բաւական արձագանգ ունեցաւ: Այս մէկը փաստ է բարբառի մասին առկայ հետաքրքրութեան:

Վերջերս „Shoughashag – Շուղաշակ“  (https://www.facebook.com/shoughashag) անունով համացանցի հարթակ մը ստեղծեցին Յովիկ Ադամեան, Փօլ Չլտրեան, Թովմաս Հերկելեան, Իսկուկ Տումանեան, Ցոլակ Հերկելեան, Թամար Հերկելեան-Թասլաքեան, Մարինա Աբրահամեան-Փիլաւճեան, քաջալերելու համար բարբառով արտայայտութիւններն ու գրութիւնները:

Դարձեալ վերջերս, հայրենիքի մէջ մեր բարբառով թարգմանուեցաւ մանկական ֆիլմ մը «Պիգվինաշէն»ը, ներկայացում Եսայի եւ Սիրվարդ Չախչախեաններու ու Վանէ Սարոյեանի, որ տեղադրուեցաւ համացանցի վրայ («Պինգվինաշենը» Սվեդիայի (Մուսա լեռան) բարբառով». https://www.youtube.com/watch?v=cePwZ8WHuBs), բան մը, որ ուրախութեամբ դիմաւորուեցաւ մուսալեռցիներուն կողմէ:

Երկու ամիս առաջ, դիմատետրի վրայ փորձեցի կարճ խօսակցական զրոյցներ տեղադրել մուսալեռցիներու բարբառով ներկայացուած պատմութիւններէն: Շատ մեծ արձագանգ ստեղծուեցաւ (այժմ դադրած՝ արցախեան պատերազմի պատճառով, բայց շուտով կը շարունակուի): Այդ ներկայացուած նիւթերը դիտեցին շուրջ 2000-2500 հոգի, որ ապացոյց է բարբառով հետաքրքրութեան:

Ամերիկայի մէջ գործող ԱՐՓԱ հիմնարկը (հիմնադիր՝ դոկտ. Յակոբ Փանոսեան), որ երկար տարիներէ ի վեր կ’օժանդակէ Հայաստանին, յառաջիկայ օրերուն կը ծրագրէ դասախօսական հանդիպում մը կազմակերպել Մուսա Լերան բարբառի մասին:

Եզրակացութիւն
Այս բոլորի լոյսին տակ, ընդառաջելով ՀԱՅԵՐԷՆ BLOGի խմբագիր Իշխան Չիֆթճեանի առաջարկին, պիտի փորձեմ հետագային հպանցիկ ակնարկ մը ներկայացնել մեր բարբառին մասին:

Յայտնեմ, որ ես լեզուաբան չեմ: Չունիմ նաեւ հայագիտական կրթութիւն: Բայց մուսալեռցի եմ, կը խօսիմ Մուսա Լերան բարբառը, եւ քիչ մըն ալ կը փորձեմ ուսումնասիրել: Պիտի փորձեմ հետաքրքրական երեւոյթներ ներկայացնել մեր  բարբառին  հետ առընչուած:

Մուսա Լեռ, Այնճար                                  
30 Նոյեմբեր 2020 

https://hayerenblog.wordpress.com/2020/12/17/%d5%b4%d5%b8%d6%82%d5%bd%d5%a1-%d5%ac%d5%a5%d6%80%d5%a1%d5%b6-%d5%af%d5%a1%d5%b4-%d5%bd%d5%b8%d6%82%d5%a7%d5%ab%d5%bf%d5%ab%d5%b8%d5%b5-%d5%a2%d5%a1%d6%80%d5%a2%d5%a1%d5%bc%d5%a8%d5%9d-%d6%84%d5%ab/?fbclid=IwAR1ruZUOueiEVJ1q_CZz5YTbb-HXrp4E4hmnaVCmo6UxbhaBvmZwxkHb9r0 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2020
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ