Թուրքիան Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւններու վերականգնման համար նախապայման ներկայացուցած է

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ յայտարարած է, որ Թուրքիան կրնայ Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել, եթէ Փարիզ փոխէ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ զինուորական գործողութիւններուն վերաբերեալ իր դիրքորոշումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

«Թուրքիան բազմիցս Ֆրանսայի հետ խայթող դիտողութիւններ փոխանակած է Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացուող քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ Մոհամետ մարգարէի ծաղրանկարներու հրապարակման վերաբերեալ», յայտարարած է ան:

Չաւուշօղլու նաեւ նշած է, որ Փարիզ գլխաւորած է Թուրքիոյ դէմ Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցներու հաստատումը:

https://www.aztagdaily.com/archives/493500 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2020
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ