«Հրանդ Տինք» հիմնարկի՝ «Ատելութիւն եւ խտրականութեան» խորհրդաժողովը

ՊՈԼԻՍ, «Ակօս»․- Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկին նախաձեռնութեամբ՝ «Նուման» հիմնարկի եւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած՝ «Ատելութիւն եւ խտրականութիւն» միջազգային խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ 11-12 դեկտեմբերին՝ առցանց։ Հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, ակադեմականներու, իրաւագէտներու, միութիւններու եւ լրագրողներու մէկտեղումով իրականանալիք երկօրեայ խորհրդաժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին թէ՛ ակադեմական գործեր եւ թէ պայքարի գործնական եղանակներ։

Ամբողջ աշխարհի տարածքին բեւեռացումի եւ ատելութեան պատգամներու աճած մէկ ժամանակաշրջանին տեղի ունեցող ձեռնարկին պիտի մասնակցին Թուրքիայէն եւ արտերկրէն խտարականութեան, ցեղապաշտութեան, գաղթականութեան, փոքրամասնութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու ոլորտներու մասնագէտներ։

Արձանագրութիւնները կատարել https://hrantdink.org/tr/asulis/faaliyetler/konferans կայքէջին միջոցաւ։

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2020
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ