ՄՈՍԿՈՒԱ, «ՌԻԱ Նովոսթի»․- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լարով ատրպէյճանցի իր գործընկեր Ճէյհուն Պայրամովի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեց Արցախի վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը:
«Կողմերը քննարկեցին նաեւ կողմերուն գործակցութիւնը ռուս խաղաղապահներուն հետ, ինչպէս նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան արդիական հարցեր եւ միջազգային օրակարգի կարգ մը հարցեր», նշեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Լաւրով հեռաձայնային զռոյց մը ունեցաւ նաեւ Թուրիքոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի հետ, քննարկելով նաեւ Արցախի հարցը։
Asbarez.com
Leave a Reply