Մենք Հայաստանի հողերուն վրայ աչք չունինք. Թուրքիոյ ԱԳ նախարար

Դեկտեմբեր 7-ին, Թուրքիոյ Միջերկրածովեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցած է Միջազգային համալսարաններու խորհուրդի կազմակերպած Արեւելեան Միջերկրականի workshop-ը, որուն մանակցած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն: ԵՌԱԳՈՅՆ-ը այս մասին կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Ան անդրադարձած է տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն եւ չլուծուած խնդիրներուն: Չաւուշօղլուի դիտարկումով՝ տարածաշրջանային բոլոր խնդիրներուն հիմնական պատճառը կիսել չիմանալն է եւ կիսելու փոխարէն ամբողջը վերցնելու փորձը:

«Նայեցէ՛ք Կովկասին: Կովկասի կայունութենէն եւ տնտեսական զարգացումէն օգտուելու փոխարէն Հայաստանի պատճառով, որ կ՝ուզէր շարունակել Ազրպէյճանի տարածքներու գրաւումը, ինչպէս նաեւ միջազգային համակարգի պատճառով, որ կողմ չէր դիւանագիտական ճանապարհով լուծման, խնդիրը շարունակուեցաւ շուրջ 30 տարի»,- ըսած է ան:

Չաւուշօղլուն, այնուհետեւ, անդրադառնալով Թուրքիոյ «բազմակի քաղաքականութեան եւ բոլոր ուղիներով խնդիրներու լուծման հնարաւորութիւններուն», ըսած է.

«Այնպիսի ընկալում չունինք, թե Լիպիոյ հարցով ռազմադաշտի վրայ եւ բանակցային սեղանին շուրջ հզօր ենք: Արեւելեան Միջերկրականի մէջ հզօր ենք եւ ամբողջը մենք կ՝ուզենք: Հայաստանի հողերուն վրայ աչք չունինք: Հիմա ալ կ՝ըսենք, որ այս կարգաւորումը պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի օգտին: Այդ իսկ պատճառով, մենք կողմ ենք արդար բաժանման (կիսելուն): Մենք ուժեղ ենք թէ՛ բարոյապէս եւ թէ՛ իրաւական առումով եւ մեր այդ ուժը յառաջիկայ գործընթացին մէջ պիտի շարունակենք կիրառելու յօգուտ բոլորի»:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2020
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ