Հայ Դատը կողջունէ Թուրքիոյ դէմ Քոնկրեսի պատժամիջոցները

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու 2021ի ռազմական ամավարկին մէջ կառավարութենէն կը պահանջուի պատժամիջողներ հաստատել Թուրքիոյ դէմ, Ռուսիայէն «Էս. 400» հակաօդային հրթիռները գնելու եւ զանոնք փորձարկելու Անգարայի որոշումներուն պատճառով։

Հայ Դատի յանձնախումբը եւ Յունաամերիկեան Ղեկավարման խորհուրդը (HALC) միացեալ յայտարարութեամբ մը ողջունեցին այս քայլը, որ կը հետեւի Թուրքիան «Էֆ. 35» ռազմական օդանաւերու ծրագիրէն դուրս դնելու պատժամիջոցին, նաեւ «Էս. 400» հակաօդային հրթիռները գնելու որոշումին հետեւանքով։

Ամավարկին մէջ պատժամիջոցը որդեգրելու ջանքերուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ ծերակուտական Պապ Մենենտեզ։

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2020
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ