«Թուրքիան կը սպառնայ Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, արաբական աշխարհի Եւ կովկասեան շրջանի կայունութեան» կ՛ըսէ Տենտիաս

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս յայտարարած է, որ Թուրքիան զինուորական գործողութիւններ կը կատարէ օտար հողերու վրայ, կը բռնագրաւէ դրացի երկիրներու հողերը, ինչպէս նաեւ կը սպառնայ պատերազմներ հրահրել` ընդգծելով, որ այդ երկիրը կը սպառնայ Եւրոպայի, արաբական աշխարհի եւ Կովկասի կայունութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը աւելցուցած է, որ Թուրքիան կը վիճարկէ եւրոպական երկիրներու գերիշխանութիւնը, կը միջամտէ այլ երկիրներու ներքին գործերուն եւ կ՛աջակցի ծայրայեղական շարժումներուն:

Բացի ատկէ, Տենտիաս Անգարան մեղադրած է գաղթի ճգնաժամը ի շահ իրեն օգտագործելու, տեղական մակարդակի վրայ մարդու իրաւունքներու խախտման, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ ազդեցութեան ոլորտ ստեղծելու յանցանքներով:

Ան աւելցուցած է, որ Թուրքիան ակնյայտ սպառնալիք դարձած է Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, արաբական աշխարհի եւ կովկասեան շրջանի կայունութեան համար:

https://www.aztagdaily.com/archives/492184

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2020
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ