Յունաստանը, Կիպրոսը, Ֆրանսան, Եգիպտոսն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Միջերկրականի մէջ միացեալ ռազմափորձերու սկսան

Յունաստանի, Կիպրոսի, Ֆրանսայի, Եգիպտոսի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ծովուժերը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու սրման պայմաններուն մէջ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ միացեալ ռազմափորձերու սկսած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Կրիք Ռիփորթըր»-ը:

«Մետուզա» անունը ստացած ծովուժի ռազմափորձերը սկսած են նախանցեալ օր եւ պիտի տեւեն մինչեւ 6 դեկտեմբեր:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ռազմափորձերու մեկնարկի լոյսին տակ յայտարարած է, որ «ատիկա անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, թէ որո՛նք լարուածութիւն կ՛ուզեն, կը խուսափին երկխօսութենէն եւ կը հրաժարին խաղաղութենէն»:

http://www.aztagdaily.com/archives/491412 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2020
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ